2017-01-09 09:44:00

Հիլարիոն Արք. Քապուժիի դիակը փոխադրուեցաւ Պէյրութ


Յոյն կաթողիկէ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ, Երուսաղէմի առաջնորդ Հիլարիոն արք. Քապուժիի դիակը երէկ երեկոյեան փոխադրուեցաւ Պէյրութ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական դիմաւորում` հոգեւորականին դագաղին:

Այս նպատակով օդակայան ժամանեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Հանի Քպայսի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ, երեսփոխաններ Պիլալ Ֆարհաթ, Ուալիտ Սըքքարիէ, Մարուան Ֆարես եւ Քասեմ Հաշեմ, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի, Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր,  Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարք, նախկին երեսփոխան Նատեր Սըքքար եւ շարք մը հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ:

Ռաֆֆուլ ցաւակցութիւն յայտնեց Քապուժիի մահուան առիթով` զայն որակելով Պաղեստինեան դատի հսկայ պաշտպան հոգեւորականը:

Նշենք, որ Վատիկան Քապուժի արքեպիսկոպոսին մահուան գուժը յայտարարեց 1 յունուար 2017-ին: 94-ամեայ Հիլարիոն Քապուժի մահացաւ Հռոմի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.