2017-01-09 12:48:00

Կիրակի 8 Յունուար 2017 Երրորդ օր Յայտնութեան


Անոր ձայնը կ՛աղաղակէ անապատին մէջ` պատրաստեցէք Տիրոջ ճանապարհը (Մարկոս 1, 1-13)

Յայտնութեան տօնը կը կազմէ հայկական ծիսական տարւոյն հինգ տաղաւարներէն մին, որով կը դասուի տարուան մեծ տօներուն մէջ եւ բուն տօնէն ետք` ութը օր եւս կը շարունակուի տօնուիլ։ Աստուածայայտնութեան հետ` կը տօնենք նաեւ Յիսուսի մկրտութիւնը Յովհաննէս Մկրտչի կողմէ, Յորդանան գետին մէջ։ Ուստի ընդհանրապէս բոլոր շաբթուայ աւետարանները այս նիւթին շուրջ կը դառնան։

Եսայի մարգարէին խօսքը, որով Քրիստոսէ 700 տարիներ առաջ` կը մարգարէանայ թէ մարդ մը անապատ պիտի երթայ եւ հոն պիտի քարոզէ ժողովուրդին, հրաւիրելով զանոնք ապաշխարելու եւ պատրաստուելու Մեսիայի գալստեան, մեզի յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Յովհաննէս Մկրտիչ, ստանձնած է դարերէ ի վեր իրեն վերապահուած այդ պաշտօնը, որ է պատրաստել Տիրոջ գալուստը։

Յովհաննէս խոնարհութեամբ կ՛ընդունի իրեն վստահուած այս ծառայութիւնը եւ հաւատարմութեամբ կը կատարէ այն ինչ որ Հոգին կը թելադրէ իրեն. Ան կենդանի օրինակն է անոր որ Աստուծոյ կամքին կ՛ենթարկուի եւ անոր հաստատած կարգադրութիւնները կ՛իրագործէ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ զրկանքներուն։ Յովհաննէս վերջին շղթան է մարգարէներու շարքին, որ կը փակէ Հին Կտակարանը եւ իրմով կը սկսի Նոր Կտակարանը, յայտնութեամբը Աստուածորդւոյն։

Ինձմէ աւելի զօրաւոր մէկը ինձմէ ետք կու գայ. Մինչ ես կը մկրտեմ ձեզ ջուրով, ան պիտի մկրտէ ձեզ Սուրբ Հոգիով ­ կ՛ըսէ նոյնինքն Յովհաննէս։ Ջուրի մկրտութիւնը ապաշխարութեան մկրտութիւնն է իսկ Հոգիի մկրտութիւնը, կը ներմուծէ անձը աստուածային մթնոլորտի մը մէջ եւ կու տայ անոր շնորհքը բարձրանալու իր վիճակէն եւ մտնելու ընտրեալներու շարքին մէջ, ընդմիշտ Աստուծոյ զաւակն ըլլալով։

Այսօր մենք` ներկայ աշխարհի բովին մէջէն կը նայինք այս դէպքերուն եւ կարծէք այս հազարաւոր տարիները յանկարծ կը չքանան եւ երեւան կու գան Յովհաննէս Մկրտչի եւ Յիսուսի կերպարները որոնք իրարու կը հանդիպին իրագործելու համար Աստուծոյ կողմէ ի յաւիտենից պատրաստուած ծրագիրը, մարդկութեան փրկութիւնը. Յիսուս կը մտնէ Յորդանան գետին մէջ որպէս հին կտակարանի մարդ եւ անկէ երբ դուրս կու գայ, նոր հորիզոններ կը բացուին, նոր աշխարհահայեացք մը կը շողայ մեր առջեւ, նոր էջ մը կը բացուի տիեզերքի պատմութեան մէջ։

Յիսուս պէտք չունէր մկրտութեան, որովհետեւ մեղք չունէր, սակայն մեզի օրինակ տալու համար, յանձն առաւ մկրտուիլ, ինչպէս բոլոր անոնք որ կու գային Յովհաննէսի մօտ, անկէ մկրտուելու։ Տեղ մը կայ ուր Յովհաննէսի խոնարհութիւնը կը հանդիպի Յիսուսի խոնարհութեան եւ այս հանդիպումէն կը ծնի Սուրբ Հոգւոյն զեղումը։ Ամէն քրիստոնեայ, երբ կը ստանայ դրոշմը, որով կը հաստատուի մկրտութեան օծումը իր մէջ, նոյնպէս կ՛ընդունի Սուրբ Հոգին իր մէջ։

Նոյն այդ Հոգին, ինչպէս կ՛ըսէ Աւետարանը, մղեց Քրիստոսը դէպի անապատ, որպէսզի հոն` փորձուի սատանայէն, ապրի վայրի գազաններու հետ եւ ծոմի միջոցաւ` մարզէ իր կամքը հնազանդութեան Աստուծոյ կամքին։ Նոյնպէս ալ մենք, այս աշխարհի վրայ կ՛ենթարկուինք փորձութիւններու, սակայն անոնք թոյլատրուած են Տիրոջ կողմէ, որպէսզի անոնց յաղթելով կարենանք կերտել մեր քրիստոնէական կեանքը։ Անապատի զրկանքներէն ետք սակայն` մեզի կը սպասէ շնորհքի երկնային կեանքը։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.