2017-01-09 09:27:00

Լոյս կը տեսնէ ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային ճամբորդութիւններու մասին հատորը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, Յունուար 10ին, լոյս կը տեսնէ Լա Սթամփա օրաթերթի լրագրող`Անտրէա Թորնիելլիի «Ճամբորդութեան մէջ» խորագրուած գիրքը։

Հեղինակը կը պատմէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի ճամբորդութիւններուն մասին։ Գիրքը արդիւնքն է Սրբազան Պապին հետ կատարուած երկար զրոյցի մը։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը նկատէ թէ ճամբորդելը իրեն համար երբեք հաճելի բան մը չէ եղած, որովհետեւ իր վրայ հոգեբանօրէն ծանր կը կշռէ իր թեմէն հեռու ըլլալը, նկատելով, որ թեմը եպիսկոպոսի մը հարսն է։ Սակայն Սրբազան Հայրը՝ զանազան Եկեղեցիներու տուած իր այցելութիւններով կ՛ուզէ քաջալերել յոյսի սերմերը։

Յիշելով երանելի Պօղոս Զ. քահանայապետը, ան կը նկատէ, թէ քահանայապետ մը պէտք է գիտակցութիւնն ունենայ, թէ Յիսուս է որ իր հետ կը տանի, ան Յիսուսի եւ Անոր ներկայութեան վկան է։ Ճամբորդութիւնները անմոռանալի յիշատակներ կը թողուն Սրբազան Պապին համար։ Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնած թէ Ինք կ՛աղօթէ այցելութիւններու ժամանակ հանդիպած անհատներուն համար, յիշելով անոնց տառապալի եւ դժուարին պայմանները։ Ասոր համար, Եւրոպայի պարագային, ան կը նախընտրէ այցելել այն երկիրները, որոնք ծանր դժուարութիւններու մէջ են։

Այս հարցի առընչութեամբ, Սրբազան Պապը անդրադարձած է նաեւ ներկայի գաղթականութեան հարցին, որ, համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, մեծագոյն խնդիրը կը ներկայացնէ ցամաքամասին համար։

Հատորին մէջ ապա ակնարկուած է  Սրբազան Պապի ճամբորդութիւններու ժամանակ յարուցուած ապահովական խնդիրներու մասին եւ այս առընչութեամբ Քահանայապետը երախտագէտ է Վատիկանի ոստիկանութեան եւ Զուիցերիական Պահակագունդի կատարած աշխատանքին համար, որոնք արդէն յարմարած են իրեն գործելակերպին։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշած է թէ հանգիստ չի զգար քահանայապետի յատուկ ինքնաշարժին մէջ, փակուած պատուհաններով, այլ կը նախընտրէ զգալ ժողովուրդի մօտիկութիւնը, վստահութիւն ունենալով։ Ու պատասխանելով այն հարցումին թէ կարող է իրեն արկած մը պատահիլ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հաստատէ թէ ինք վախ չʼունի իր անձին նկատմամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.