2017-01-08 12:30:00

Յիսուսի Մկրտութիւն տօնին Մարեմեան աղօթքը. Յիշել անօթեւանները։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 8 Յունուարի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը եւ այս առթիւ ներկայացուց խորհրդածութիւն մը հայող օրուան տօնին ըստ լատինաց` Յիսուսի Մկրտութեան յիշատակը։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր Յիսուսի մկրտութեան տօնն է  եւ Աւետարանը  (Մատթ 3,13-17) մեզի կը ներկայացնէ դրուագը որ տեղի կ՛ունենայ Յորդանան գետին մօտ, երբ Յիսուս կը ներկայանայ Յովհաննէս Կարապետին, անորմէ մկրտուելու համար, որպէսզի իրականանայ Հօր Աստուծոյ ծրագիրը։

Մեկնաբանելով օրուան աւետարանի այս հատուածը Սրբազան Քահանայապետը  հաստատեց թէ Յիսուսի վարուելակերպը հեզութեամբ յատկանշուած է եւ թէ այս ըլլալու է նաեւ Յիսուսի աշակերտներուն միսիոներականն ոճը` Աւետարանը հռչակել խոնարհութեամբ եւ վճռակամութեամբ առանց մեծամտութեան։

Նմանութեամբ Յիսուսին` բարի եւ ողորմած հովիւ եւ ոգեւորուած անոր շնորհքով, կանչուած ենք մեր կեանքը դարձնել ուրախ վկայութիւն մը որ կը լուսաւորէ յոյս եւ սէր ներշնչող ճանապարհը։

Այս տօնը մեզի վերագտնել կու տայ մկրտուածներու հասարակութիւն ըլլալու պարգեւի գեղեցկութիւնը, այսինքն մեղաւորներ` որոնք փրկուած են Քրիստոսի շնորհքէն եւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ ներմուծուած են Յիսուսի Հօր հետ որդիական յարաբերութեան մէջ, ընկալուած Մայր եկեղեցւոյ ծոցին մէջ ու կարող դարձած` առանց սահմանի եղբայրութեան մը։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հայցեց  Աստուածամօր բարեխօսութիւնը` որպէսզի մեզ օգնէ վառ պահելու Մկրտութեան շնորհքի երախտապարտութիւնը ու հաւատարմութեամբ ընթանալու մեր վերածնունդի ճանապարհին վրայ։

Արտասանելէ ետք   Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները հրաւիրելով զանոնք միանալու Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութիւններու ցանցին հուսկ յատուկ կոչ ուղղեց, այս արտակարգ ցուրտի օրերուն ընթացքին չմոռնալու անոնք որոնք կը տառապին այդ ցուրտէն ու յատկապէս անօճախները որոնք յաճախ թիրախ են ոչ միայն ցուրտին այլեւ անտարբերութեան։

Սրբազան քահանայապետը Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բարի կիրակի մաղթելով բոլորին եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.