2017-01-08 11:56:00

Արտակարգ ցուրտի պատճառաւ Քահանայապետը 24 ժամ բաց կը պահէ կացարաններուն դռները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետական ողորմաբաշխութեան գրասենեակին հրահանգ տուաւ 24 ժամ 24-ի վրայ բաց պահել Եկեղեցւոյ կացարաններու դռները արտակարգ ցուրտի բերումով հիւրընկալելու համար անօճախներն ու թափառականները։

Իսկ անոնք որոնք չեն ուզեր հեռանալ իրենց հաւաքի վայրերէն ողորմաբաշխութեան գրասենեակը անոնց տրամադրած է ինքնաշարժներ եւ  նուազ 20 աստիճան ցուրտին դիմացող քնապարկեր։ Բոլոր անօթեւաններուն ապա ապահովուած է  ուտեստեղէն ու տաք խմիչք։








All the contents on this site are copyrighted ©.