2017-01-06 12:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 6 Յունուարի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 6 յունուար 2017-ի կէսօրին, յետ Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած Աստուածայայտնութեան տօնի Սուրբ Պատարագին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ օրուան տօնին` Աստուածայայտնութեան, հաստատելով թէ  այդ տօնին խորհրդանիշը աստղն է ու թէ մեր կեանքին մէջ եւս կան բազմաթիւ շողացող եւ ուղղութիւն տուող լոյսեր, ու թէ մեզի կ՛իյնայ ընտրել որուն հետեւիլ եւ ընտրել ընդմէջ վաղանցուկ, պլպլացող ու պայծառ լոյսերու ու Մոգերու տեսած վստահելի ու բարի լոյսին, որ երբեք չի մառիր, որովհետեւ այս աշխարհէն չէ եւ կու գայ երկնքէն ու կը փայլի սրտին մէջ։

Այդ լոյսը Տիրոջ իսկական լոյսն է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, առ աւելին նոյնինք Տէրն է։ Ան մեր լոյսն է, լոյս մը որ ուրախութիւն կը պարգեւէ, լոյս մը նուիրուած բոլորին։ Եթէ անոր հետեւինք, մոգերու նման, պիտի ընդունինք ուրախութիւնը։ Ան որ Յիսուսի կը հանդիպի կը փորձարկէ հրաշքը` խաւարը յաղթահարող լոյսին, ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց բոլորը չվախնալու Յիսուսի լոյսէն ու բացուելու Անոր։

Ան որ լոյսը կ՛ուզէ, մոգերու նման դուրս ելլելու է ինքն իրմէ, եւ սկսելու է ուղեւորութիւն մը` որոնումի եւ յոյսի ուղեւորութիւն, առանց վհատելու խոչընդոտներու ու դժուարութիւններու դիմաց ու դիմելու միշտ նպատակակէտին։

Սորվինք մոգերէն երկրպագել Մանուկին ու անոնց նման Յիսուսին նուիրել ոչ թէ մնացորդացները այլ ամէնէ թանկագին իրերը։

Անոնց նման ուղեւորութիւնը սկսինք ու հետեւինք Յիսուսի Աստղին ու պաշտենք Տէրը մեր ամբողջ սրտով ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք   ողջունեց հրապարակը համախմբուած բազմահազար հաւատացեալները յատուկէն ողջունելով եւ շնորհաւորելով Յուլիանոսի օրացոյցին հետեւող Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալները որոնք վաղը 7 յունուարին կը տօնախմբեն Սուրբ Ծննդեան տօնը, անոնց մաղթելով լոյսի եւ խաղաղութեան տօն։

Ֆրանչիսկոս Պապ Մարեմեան աղօթքը աւարտեց ըսելով Ձեզի կը մաղթեմ արդարութեան, ներումի խաղաղութեան եւ ամէնէն աւելի ողորմութեան տարի մը ու կը խնդրեմ բարեհաճեցէք չմոռնալ աղօթել ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.