2017-01-06 11:41:00

Սուրբ Պետրոսի մէջ կը բաշխուի ''Ողորմութեան Իկոնը'' վերտառութեամբ գրքոյկը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 6 Յունուար 2017-ին, Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ պիտի բաշխուի ''Ողորմութեան Իկոնը'' վերտառութեամբ գրքոյկը որպէս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողէ նուէր, որուն մէջ պարունակուած են վերջերս  եզրափակուած Ողորմութեան Յոբելենական Տարւոյն հայող խորհրդածութիւններ եւ աղօթքներ։

Լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետի Ողորմաբաշխ գրասենեակը որ կը նշէ նաեւ թէ գրքոյկի բաշխումը պիտի կատարեն` աշխարհական եւ եկեղեցական կամաւորներ ընկերակցութեամբ  300 աղքատներու, տնականներու եւ գաղթականներու որոնց ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ պիտի հրամցուի տաք խմիչք եւ ուտեստեղէն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.