2017-01-06 11:20:00

Սուրբ Պետրոսի մէջ Աստուածայայտնութեան տօնի Սուրբ Պատարագի ընթացքին Հայերէն աղօթք։


(Ռատիօ Վատիակն) Այսօր` 6 Յունուար 2017-ին տիեզերական Եկեղեցին կը նշէ Աստուածայայտնութեան տօնը։  Մինչեւ Դ. դար, Աստուածայայտնութեան տօնը բոլոր քրիստոնեաները միասնաբար կը տօնէին Յունուար 6-ին։ Դ. դարէն ետք` Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ որոշումով, Յիսուսի Ծնունդը սկսաւ տօնուիլ Դեկտեմբեր 25-ին, իսկ Մկրտութիւնը Յունուար 6-ին:

Մինչ Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ մօտ, Ս. Ծննդեան տօնի նշման թուականը մնաց Յունուար 6-ին երբ կը յիշատակուի Յիսուսի Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը որուն առթիւ Սուրբ պատարագէն անմիջապէս ետք կը կատարուի նաեւ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը, ի յիշատակ Յիսուսի մկրտութեան:

''Ո՞ւր է հրեաներու թագաւորը որ ծնաւ. Մենք անոր աստղը տեսանք արեւելք եւ եկած ենք իրեն երկրպագութիւն ընելու'' (Մատթ 2,2)։ Այս բառերով է որ մոգերը` եկած հեռու երկիրներէ մեզի կը յայտնեն իրենց ճանապարհորդութեան պատճառը` պաշտել նորածին թագաւորը։ 

Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ գլխաւորած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին։

Տեսնել եւ Երկրպագութիւն ընել` աւետարանի պատմուածքը հրահրող երկու ներգործութիւններն են. տեսանք աստղ մը եւ կ՛ուզենք երկրպագել անոր։

Այդ մարդիկը, ըսաւ Քահանայապետը, տեսան աստղ մը որ զիրենք դրաւ շարժումի մէջ։ Անոնք ունէին  բաց սիրտ մը ու կարող էին տեսնել ան ինչ որ երկինքը ցոյց կու տար որովհետեւ իղձ մը ունէին որ զանոնք կը մղէր­, բաց էին նորութիւններուն։

Մոգերը կ՛արտայայտեն հաւատացեալ մարդու դիմագիծը, մարդուն որ կարօտը ունի Աստուծոյ։ Անոնք կ՛արտացոլան այն բոլոր մարդոց պատկերը, որոնք իրենց կեանքին մէջ թոյլ չեն տուած որ իրենց սիրտը թմրի ու դառնայ անզգայ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով հաւատացեալի ''Աստուծոյ կարօտի''  իղձի մասին ու  հաստատելով թէ այդ կարօտը կը ծնի սրտերէն ու թոյլ կու տայ բաց պահել մեր աչքերը ու ապստամբիլ արկածախնդիր մարգարէներու դիմաց. Նոյն այդ կարօտը ապա վառ կը պահէ յոյսը համայն հաւատացեալ հասարակութեան, որ շաբաթէ շաբաթ կը կրկնէ` ''Եկ Տէր Յիսուս''։  

Այդ նոյն կարօտն է որ մղեց ծերունի Սիմէոնը ամէն օր տաճար երթալ` այն վստահութեամբ թէ իր կեանքը վերջ պիտի չգտներ մինչեւ այն օրը երբ փրկիչը իր ձեռքերուն մէջ պիտի առներ։ Նոյն կարօտն է որ անառակ որդին մղեց փնտռելու իր հօր բազուկները եւ հովիւը մղեց լքել ինիսուն ինը ոչխարները ու փնտռել կորսուածը ապա միեւնոյն փորձառութիւնը ապրեցաւ  Մարիամ մագդաղենացին երբ Յարութեան օրը փութաց Յիսուսի գերեզման` հանդիպելու համար Յարուցեալ Տիրոջ։

Աստուծոյ կարօտը մեզ կ՛ազատագրէ մեզ շրջապատող ցանկապատերէն, ու մեզ կը մղէ յանձնառու ըլլալ փոփոխութեան, փնտռելու ապագան, մոգերու նման` փնտռելու  Աստուած պատմութենէ մոռցուած վայրերու մէջ, արուարձաններու,  սահմաններէն անդին ու չաւետարանեցուած վայրերու մէջ։

Մինչ մոգերը կը քալէին` Երուսաղէմը կը ննջէր ու կը ննջէր նաւ Հերովդէսը, որոնք ի տես պատմութիւնը յեղաշրջող նորութեան վախի կը մատնուին եւ իրենք իրենց մէջ կը փակուին։ Վախ ու փակում որ Հերովդէսը կը մղեն գործելու ոճրագործութիւն մը։

Մենք կ՛ուզենք երկրպագել անոր։ Այդ մարդիկը եկան Արեւելքէն երկրպագելու համար թագաւորի մը` ասոր համար ուղղուեցան դէպի Պալատ, որ աշխարհիկ մտայնութեամբ կը ներկայացնէ իշխանութիւնը, եւ այդ վայրէն է որ այդ մարդիկը ստիպուեցան աւելի յանդուգն ուղեւորութիւն մը սկսիլ, որովհետեւ անդրադարձան թէ իրենց փնտռածը պալատին մէջ  չի գտնուիր այլ այլուր։ Աստղը զիրենք այնտեղ չէր առաջնորդած։ Այդ չէր վայրը հանդիպելու այն Աստուծոյն որուն հայեացքը կը վերականգնեցնէ, կը ներէ, կը բժշկէ։ Աստուած ծնաւ անսպասելի վայրի մը մէջ, ուր կը բացայայտուի թէ Աստուծոյ հայեացքին մէջ տեղ կայ վիրաւորներուն, յոգնածներուն, հարստահարուած եւ անտեսուած մարդոց, այնտեղ ուր կը գիտակցինք թէ այդ Աստուծոյն ուժն ու իշխանութիւնը կոչուած է ողորմութիւն։ 

Հերովդէս կարող չէր երկրպագել որովհետեւ չի կրցաւ ու կարող չէ փոխել իր հայեացքը։ Ան շարունակեց հաւատալ թէ ամէն ինչ իրմով կը սկսէր ու իրմով կը վերջանար։ Նոյնը ըրին նաեւ քահանաները որոնք պատրաստ չէին իրենք զիրենք փոխելու։

Մինչ մոգերը զգացին կարօտը ու կ՛ուզէին նորութիւնը։ Անոնք կարող եղան երկրպագել որովհետեւ քաջութիւնը ունեցան քալելու ու Բեթղեհէմի  Մանուկին առջեւ խոնարհելով վերագտան Աստուծոյ Փառքը - յարեց Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով յաւուր պատշաճի խօսքը ու շարունակելով Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին արտասանուած  աղօթքի դիտաւորութիւններու շարքին, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ դարձեալ արձագանգեց հայերէն լեզուն. ''Թող որ Ճշմարտութեան ու փրկութեան ուրախ աւետիսը, որ հնչեց Բեթղեհէմի քարայրին մէջ, հասանելի ըլլայ իւրաքանչիւր մարդու ու բոլորը առաջնորդէ  Տիրոջ հետ հանդիպումին''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.