2017-01-06 08:18:00

Գերապայծառ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի Յիսուսի Մկրտութեան տօնին առթիւ արտասանած քարոզը։


Յիսուս երբ մկրտուեցաւ եւ իսկոյն ջուրէն դուրս ելաւ, ահա երկինքը բացուեցաւ անոր եւ տեսաւ Աստուծոյ ՀՈԳԻՆ, որը նման աղաւնիի անոր վրան կու գայ. Եւ ահա ձայնը երկինքէն որ կ’ըսէր «Ասիկա է իմ սիրելի որդիս, որուն ես հաճեցայ»։ Մատթ. 3, 16-17

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,

Մեր քրիստոնէական կեանքին կարեւորագոյն խորհուրդն է մեր ծնունդէն ետք ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ, որով մենք կը թեւակոխենք նոր հանգրուանը մեր կեանքին,  այսինքն մեր նո՛ր կեանքը։ Այս Մկրտութեան երեք էական գործօններն են՝

Քահանան,  Ջուրը եւ Միւռոնը։

Ջուրը մեզի կը շնորհէ նոր կեանքը։

Միւռոնով մենք կ’օրհնուինք սուրբ Հոգիին շնորհքով եւ կը դառնանք «նոր մարդ մը», որ կոչուած է յեղաշրջելու մեր կեանքին ուղեցոյցը, այսինքն զայն կողմնորոշելու սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ։

Հռոմայեցիներուն ուղղուած իր Թուղթին մէջ սուրբ Պօղոս կ’ըսէ . Յոյսը երբեք  ամօթով չի թողուր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը սփռուած է մեր սրտերուն մէջ սուրբ Հոգիով որ տրուեցաւ մեզի (Հռոմ. 5,5)։

Երկնային կեանքը սէր է եւ աղբիւրը՝ բոլոր կեանքերուն։

Սէրը առաքինութիւններու խտացում է։ Ան կը հաղորդակցի այն կրակին հետ որ զինք կը կացուցանէ  եւ որ սուրբ Հոգին է։

Աստուած սէր է նաեւ որպէս մէկ եւ երրորդութիւն. Մէկ Աստուած երեք անձերու մէջ. ասիկա է մեծագոյն յայտնութիւնը Քրիստոսին։  Այս յայտնութիւնը տեսանելի դարձաւ իր մկրտութեամբ։ Իրեն հետ ան մեզի կը շնորհէ իր ՀՈԳԻՆ որպէսզի մեր մէջ ցանէ իր սէրը առատութեամբ։ Այսպէսով ան մեզ կը դարձնէ  Աստուծոյ զաւակներ որոնք զինք կը կոչեն անհուն խանդաղատանքով «Աբբա Հայր»։

Ստեղծագործութեան առաջին օրէն Սուրբ Հոգին գործի վրայ է, ան կ’աշխատի որպէսզի մեր կեանքէն նոր ստեղծագործութիւններ յարուցանէ  մեր մէջ դնելով Իր, Հօր եւ Որդիի սէրը։

Ուրեմն, մենք սուրբ Պօղոսին հետ ըսենք. «Արդարեւ, անոնք են որդիներն Աստուծոյ որ կ’ընթանան ըստ Աստուծոյ հոգիին։ Դուք չէք ընդունած  հոգին ծառայութեան,  որպէսզի սայթաքիք վախին մէջ։ Դուք ընդունեցաք հոգին որդեգրութեան, որով կը գոչենք «Աբբա Հայր»։ Նոյնիսկ Հոգին կը միանայ մեր հոգիին, որպէսզի վկայէ թէ մենք որդիներն ենք Աստուծոյ»։

Ուրեմն, սիրելիներ, թող այսօրուան տօնը մեզ մղէ դառնալու Աստուծոյ ճշմարիտ զաւակները եւ ժառանգակիցները Քրիստոսին։

Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ մեզի բացաւ Ճշմարտութեան եւ Նոր Կեանքի ճանապարհը։ Ըլլա՛նք վկաներ այդ Ճշմարտութեան։  Ունենանք այսօրուան փոքր Յովհաննէսին անմեղութիւնը եւ հաւատքը՝ լաւագոյն կերպով ապրելու մեզմէ խնդրուած առաքելութիւնը եւ վկայելու «Բան»ին  որ մեզի պէս մարդ եղաւ, ապագային մասնակցելու համար  իր Փառքին։

Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.