2017-01-05 10:15:00

Յունուար-Նոյեմբեր Հայաստան ստացած է 44 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն


Նախորդ տարուան Յունուար-Նոյեմբերին հետ բաղդատած, 2016ի տասնմէկ ամիսներուն Հայաստան ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը աւելցած է 5 միլիոն տոլարով կամ 2 միլիառ դրամով: Իսկ եթէ օգնութեան աճը տոկոսային յարաբերակցութեամբ դիտարկեն, ապա անիկա կազմած է 10 տոկոս:

Համաձայն պետական եկամուտներու կոմիտէին կողմէ տրամադրած բեռնամաքսային յայտարարագիրներու տուեալներուն՝ Յունուար-Նոյեմբեր 2016ին մարդասիրական օգնութեան կարգով Հայաստան ներածուած է 7.5 հազար թոն ապրանք: Այդ օգնութեան արժէքը կազմած է աւելի քան 21 միլիառ դրամ, որ մօտաւորապէս համարժէք է 44 միլիոն տոլարի:

Ստացուած օգնութեան  50 տոկոսէն աւելին քիմիական եւ անոր առնչուող արդիւնաբերութեան ճիւղերու ապրանքները եղած են, այնուհետեւ մանածագործական իրերը, տարբեր արդիւնաբերական ապրանքները, մեքենաներ, սարքաւորումներ:

Այս տարուան Յունուար-Նոյեմբեր Հայաստան ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը կազմած է քիմիական արտադրանք, մանածագործական իրեր, արդիւնաբերական ապրանքներ, Մեքենաներ, սարքաւորումներ, մեքանիզմներ, սարքեր եւ ապարատներ:

Դիտարկելով օգնութիւն ուղարկած երկիրներուն ցանկը, նկատելի է, որ հանրապետութիւն առաւել շատ մարդասիրական օգնութիւն եկած է «այլ երկիրներէ», ապա՝ Եւրոպական Միութենէն, այնուհետեւ՝ ԱՊՀ երկիրներէ: Ի դէպ, ԱՊՀ երկիրներէ նման օգնութիւն ուղարկած են միայն Ուքրանիան եւ Ռուսիան: Սակայն եթէ նախորդ տարուան Յունուար-Նոյեմբեր այս երկիրներէն ուղարկած օգնութիւնը կը կազմէր 634 հազար տոլար, որուն 566ը՝ Ուքրանիայէն, ապա այդ երկու երկիրները 2016ի 11 ամիսներուն ուղարկած են ընդամէնը 17 հազար տոլարի օգնութիւն, այսինքն՝ 37 անգամ քիչ:

2016ի առաջին 11 ամիսներուն Հայաստան մեծագոյն քանակը մարդասիրական օգնութիւն ստացած է Միացեալ Նահագներէն: Իսկ հինգ մեծագոյն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած երկիրներն են՝ Միացեալ Նահանգներ, Զուիցերիա, Չինաստան, Իտալիա եւ Ճափոնը: Իտալիայէն ու Զուիցերիայէն ուղարկուող օգնութեան ծաւալները, համեմատած նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ, աւելցած են։

Այս տարուան Յունուար-Նոյեմբեր առաւել մեծ քանակութեամբ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած 5 երկիրներն են՝ Միացեալ Նահանգներ, Իտալիա, Ճափոն, Զուիցերիա եւ Չինաստան:

Այս երկիրները նոյնպէս Յունուար-Հոկտեմբեր 2016ին հանդիսացած են Հայաստանի՝ ամէնէն մեծ քանակութեամբ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկողներ հնգեակը: Նաեւ աւելցնենք, որ 2016ի Յունուար-Հոկտեմբեր մարդասիրական օգնութեան կարգով հանրապետութիւն ներածուած է 7 հազար թոն ապրանք, որուն արժէքը կազմած է 20,136 միլիառ դրամ կամ 42 միլիոն տոլար:








All the contents on this site are copyrighted ©.