2017-01-05 11:15:00

Յիսուսի Մկրտութեան տօնին առթիւ ՝՝Կեցցէ Պեֆանա՝՝ ձեռնարկի 12-րդ ներկայացում


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 6 յունուար 2017-ին, Յիսուսի Մկրտութեան տօնին առթիւ, աւանդութեան համաձայն՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի կ՝ունենայ ՝՝Կեցցէ Պեֆանա՝՝ ձեռնարկի 12-րդ ներկայացումը, կազմակերպութեամբ ՝՝Եւրոպացի ընտանիքներ՝՝ անուան ընկերակցութեան, որուն նպատակն է վերահաստատել եւ պահպանել Յիսուսի Մկրտութեան տօնին հոգեւոր իմաստն  ու արժէքները։

Արդարեւ՝ 6 յունուարի առաւօտեան ժամը 10.20-ին,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակը տանող Քոնչիլիացիոնէ պողոտային սկիզբը, խումբ մը անձեր՝ պատմական տարազներով, ձիերով եւ ուղտերով  կ՝ընկերակցին  երեք մոգերուն զանոնք առաջնորդելով դէպի Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, ուր կէսօրին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր գրասենեակի պատուհանէն կ՝արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ներկայացնելով օրուան խորհրդածութիւնը։

՝՝Պեֆանա՝՝ ձեռնարկի աւարտին երեք մոգերը աւանդական նուէրներ կը ներկայացնեն  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.