2017-01-05 08:30:00

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին Հալէպ այցելութեան յայտագիրը։


Բերիոյ թեմին ազգային առաջնորդարանը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշած է թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական շնորհաբաշխ այցելութեամբ Հալէպ կը ժամանէ Հինգշաբթի, 5 Յունուար 2017ի կէսօրուան ժամը 13:00ին ուր պիտի դիմաւորուի եկեղեցական եւ ժողովրդային թափօրով Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ ապա նշուած է թէ Արա Ա Վեհափառը Ուրբաթ, 6 Յունուար 2017ին,  պիտի պատարագէ եւ պատգամէ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Յետ պատարագին, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս պիտի ընդունի աջահամբոյր եւ Ս.Ծննդեան շնորհաւորութիւն:

Իսկ Շաբաթ, 7 Յունուար 2017ի առաւօտուն, Վեհափառը պիտի այցելէ ազգային- եկեղեցական կառոյցներ` վերահասու դառնալու համար անոնց իրողական վիճակին մինչ Երեկոյեան ժամը 4:00ին պիտի այցելէ Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, ապա ժամը 5:00ին` Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցի հանդիպումներ ունենալով հաւատացեալ ժողովուրդին հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.