2017-01-05 08:39:00

Մարոնի Եպիսկոպոսներու կոչը արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի ի խնդիր


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը 4 յունուար 2017Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը դրուատեց Պոլսոյ մէջ արձանագրուած ահաբեկչական յարձակումին ընթացքին լիբանանցի զոհերուն եւ վիրաւորներուն նկատմամբ լիբանանեան պետութեան ցուցաբերած վերաբերումը:

Մարոնի եպիսկոպոսները խստիւ դատապարտեցին Գահիրէի, Քարաքի, Իրաքի եւ Պերլինի պայթումները:

Միւս կողմէ, խորհուրդը դրուատեց Լիբանանի նոր կառավարութիւնը, որ կազմուեցաւ եւ ստացաւ խորհրդարանին վստահութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ակնկալեց, որ կառավարութիւնը մշակէ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը, ապահովէ տնտեսական եւ ելեւմտական աճ, ինչպէս նաեւ պայքարի փտածութեան դէմ:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը արժեւորեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն ճիգերը, յատկապէս տօնական օրերու ընթացքին: Եպիսկոպոսները մաղթեցին, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակուին` շեշտելով, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմի կասեցման առումով յոյսի նշոյլները կան: «Այդ նշոյլները պատերազմի կասեցման իսկական հրաւէրներ են, եւ արդէն իսկ ժամանակն է, որ բոլորը համոզուին, թէ խաղաղութիւնը երկիրներուն եւ ընկերութիւններուն միջեւ գործակցութեան հիմքն է», ընդգծուեցաւ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.