2017-01-04 13:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը աղօթելու բանտարկեալներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու մահացած ու տակաւին ողջ Պրազիլիայի Մանաուս բանտին մէջ պատահած` իրարու հակառակ խմբակներու միջեւ բախումներու պատճառաւ զոհուած եւ վիրաւոր բանտարկեալներուն համար, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու աշխարհի բոլոր բանտարկեալներուն ու բանտերու մէջ աշխատող անհատներուն համար։

Ան ապա նորոգեց կոչը` որպէսզի բանտերը դառնան վերա դաստիարակութեան ու ընկերութեան մէջ ներմուծման վայրեր` ու բանտարկեալներու կեանքի պայմանները ըլլան մարդու արժանավայել։

''Ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթելու աշխարհի բոլոր բանտարկեալներուն համար, որպէսզի բանտերը դառնան վերականգնումի վայրեր։ Աղօթենք Աստուածամօր` բանտարկեալներուն Մօր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց միասնաբար աղօթել ''Ողջոյն քեզ մարիամ'' աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.