2017-01-04 10:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ընդունի Նորչիա-Սփոլեթօ թեմի երկրաշարժի թիրախ հաւատացեալները


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 3 յունուար 2017-ին,  Նորչիա-Սփոլեթօ թեմի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը , որուն մէջ տեղեկացուց, թէ հինգշաբթի 5 յունուար 2017-ին՝  Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին նախօրեակին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կ՛ ընդունի անցեալ 24 օգոստոսին եւ 26 հոկտեմբերին, Իտալիոյ կեդրոնական շրջանը  հարուածող ուժգին երկրաշարժի զոհ գացած աւելի քան 800 անձեր։

Յիշեալ թեմի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ռենաթօ Պոքքարտօ նշած է,  թէ Ֆրանչիսկոս Պապի հետ հանդիպումը նուիրուած  է յատկապէս բոլոր անոնց որոնք կորսնցուցած են իրենց սիրելիները, բնակարանները, տնտեսական ապահովուութիւնը,  ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք տեղահան եղած են իրենց հայրենական հողերէն։

Ունկնդրութեան ներկայ պիտի գտնուին նաեւ վերոնշեալ հաւատացեալներուն ժողովրդապետները, թեմի եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ Պետական  շտապ օգնութեան  յանձնախումբի եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան պատասխանատուները։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հետ հանդիպումը պիտի ամրապնդէ  եկեղեցւոյ առաջնակարգ պարտականութիւնը՝ երկրաշարժի զոհերուն նկատմամբ­, աջակցելով ժողովուրդին ներքին բարոյական վերականգնումի աշխատանքներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.