2017-01-04 09:31:00

Սուրիական ընդդիմադիր զինելանեը կը սպառնան պոյքոթի ենթարկել Ասթանայի բանակցութիւնները


Սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներ յայտնեցին, որ կ՛առկախեն այս ամսուան ընթացքին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ Ասթանայի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններու պատրաստութեան իրենց մասնակցութիւնը: Անոնք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեցին, որ առկախման պատճառը Սուրիոյ կառավարութեան ու անոր դաշնակիցներուն կողմէ զինադուլի «բազմաթիւ եւ մեծ խախտումներն» են:

«Եթէ հարցերը չվերադառնան իրենց նախնական վիճակին, համաձայնութիւնը չեղեալ պիտի նկատուի», յայտնեցին խմբաւորումները:

Անոնք մասնաւորաբար մատնանշեցին Դամասկոսի մօտ գտնուող Ուատի Պարատայի մէջ բախումները: Նշեալ շրջանը ջուր կը մատակարարէ Սուրիոյ մայրաքաղաքին:

Նշենք, որ 31 դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ ողջունեց Սուրիոյ բախումներուն վերջ տալու եւ խաղաղութեան բանակցութիւններ կազմակերպելու ռուս-թրքական ջանքերը:

Զինադադարի նոր համաձայնութիւնը կը վերաբերի ամբողջ Սուրիոյ տարածքին, սակայն կը բացառէ ՏԱՀԵՇ-ը, Ժապհաթ Նուսրան եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները:

Մինչ այդ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Հալէպի գիւղական շրջաններուն մէջ Արաբ Բունարի հարաւը բախումներ տեղի կ՛ունենան քիւրտերու ղեկավարութեամբ Ժողովրդավարական Սուրիոյ ուժերուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.