2017-01-04 09:22:00

Հինգշաբթի, 5 յունուարին Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական այցով կը մեկնի Հալէպ


Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, հանդիսապետելէ ետք Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ սուրբ պատարագը զոր մատոյց Կիլիկիոյ միաբանութեան հայրերէն Հոգեշնորհ Տէր Զաւէն Աբեղայ Նաճարեան, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ,  Ազգային վարչութեան հետ միասին, ընդունեց ժողովուրդին ամանորեայ շնորհաւորանքը։ Խանդավառ այդ մթնոլորտին մէջ, սրբազան հայրը շնորհաւորեց ապա մեր ժողովուրդի Նոր Տարին եւ աւետեց յառաջիկայ օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովուապետական այցելութիւնը Հալէպ։ Լուրը կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։ 

Աւելի ուշ Գանձասարը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց թէ ''Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական շնորհաբաշխ այցելութեամբ Հալէպ կը ժամանէ հինգշաբթի`­­ 5 յունուար 2017-ի կէսօրուան ժամը 13,00-ին''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.