2017-01-04 11:14:00

Հայր Գէորգ Ծ.Վարդապետ Զապարեանի ամանորի պատգամը


Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ, ՕՐՀՆԵԱԼ ԵՆ ԾՆՈՒՆԴՆ ԵՒ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

2017 տարուան թեւակոխած մեր առաջին զգացումը երախտապարտութիւնն է:

Երախտապարտութիւն հանդէպ Արարիչ Աստուծոյ, որ մեզ ստեղծելէ ետք՝ մեզ չէ լքած, մեզ չէ մոռցած, այլ տեւապէս մեզ կը հոգայ, կը նախախնամէ, մեզ անհունապէս  կը սիրէ ու մեզի կ'առաջարկէ իր սրտակցութիւնը, մեր կեանքի բովանդակ ընթացքին:

Մինչ ժամագործը, իր շինած ժամացոյցը շուկայի վրայ դնելէ յետոյ, կը ծախէ եւ ապա չի հետաքրքրուիր իր ձեռագործին վիճակով՝ Աստուած, ընդհակառակն, մեզ ստեղծելէ ետք՝ կը շարունակէ մեզ անունով մականունով ճանչնալ, մեզմով  հետաքրքրուիլ, յատուկ հոգածութեամբ մեզ նախախնամել, մեր վրայ հսկել, ու մեզի հարկաւոր շնորհքներով ողողել, որպէսզի ապրինք, գործենք եւ կարելիութիւնն ունենանք ծառայելու ի սպաս այն նպատակին, որուն համար Ան մեզ ստեղծեց:

Ի՞նչ նպատակով Աստուած մեզ ստեղծեց:

Ան մեզ չստեղծեց որեւէ կարիքէ մղուած: Որեւէ կարիք չունի՝ ոչ մէկու եւ ոչ մէկ բանի, որովհետեւ ինք համակ կատարելութիւն է, ոչ մէկը եւ ոչ մէկ բան կրնայ աւելցնել կամ պակսեցնել իր կատարելութիւնը: Ան համակ սէր ըլլալով՝ չի տառապիր սիրոյ պակասէն, շնորհիւ իր սուրբ Երրորդութեան Երեք Անձերու միջեւ փոխանակուած սիրոյն: Աստուած մեզ չստեղծեց իր գերակայութիւնը շոյելու համար՝ տեսնելով իրմէ ստորադաս արարածներ: Ան, անձնասիրութենէ մղուած, մեզ չստեղծեց, որպէս հաճոյակատար ստրուկներ՝ իրեն կուրօրէն հնազանդելու համար: Եթէ այս նպատակներուն համար մեզ արարչագործած ըլլար՝ Աստուած պիտի չըլլար:

Հապա ինչո՞ւ մեզ ստեղծեց:

Աստուած, որ համակ սրբութիւն , կատարելութիւն, բարութիւն, սէր, իմաստութիւն ու երջանկութիւն է միանգամայն, ուզեց որ Իրմէ զատ՝ ուրիշներ եւս կարենան վայելել իր այդ բարեմասնութիւնները, ուրիշներ եւս բաժնեն իր անմահութիւնն ու երջանկութիւնը: Ուստի, մարդ արարածը ստեղծուած է որպէսզի վայելէ Արարիչ Աստուծոյ երանաւէտ կեանքը: Յետագային, մարդուն գործած ըմբոստութեան մեղքը արգելք չեղաւ, որ Աստուած անգամ եւս երկարէ իր ձեռքը՝ մեղաւորին պատեհութիւնն ընծայելու, այս անգամ իր Միածին Որդին աշխարհ ուղարկելով, որպէսզի մեզ փրկէ: Ասոր համար Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը հանդիսացաւ երկրորդ ստեղծագործութիւն մը ի խնդիր մեղսաթաթաւ մարդկութեան փրկութեան:

Նոր Տարուան մեր մէջ յարուցած երկրորդ զգացումն է, մեր անհրաժեշտ կարիքը Աստուծոյ, առանց որու աննպատակ կը յառաջանանք, ուղեկորոյս կը թափառինք  եւ անյոյս կ'ընթանանք՝ այս երկրաւոր կեանքի բաւիղներէն: Առանց Աստուծոյ, արարչագործութիւնը կը խանգարուի, վերիվայրում կը տիրէ, խաղաղութիւնը կը խախտի, պատերազմները կը շղթայազերծուին, բնութիւնը կը սասանի, ատելութիւնը կը տարածուի, բռնութիւնը հասարակ երեւոյթ կը ստանայ, ահաբեկչութիւնը մարտիրոսութիւն կը համարուի, անիրաւութիւնը կ'ընդհանրանայ, փտածութիւնը ճարպիկութիւն կը սեպուի, ժողովուրդնեներու իրաւունքները կը բռնաբարուին, մարդուն արժանապատուութիւնը կ'ոտնակոխուի, մարդասպանութեան ծանրութիւնը կը տափակնայ, առաքինութիւնը ապուշութիւն կը կարծուի եւ սրբութիւնները կը պղծուին: Արդարեւ, փաստերը չեն պակսիր ապացուցելու համար վերոյիշեալ ըսածներս, բա'ւ է լրագիրները թերթատել, հեռատեսիլը դիտել եւ ընկերային հաղորդամիջոցներուն հետեւիլ:

2017 թուին յարուցած վերոյիշեալ զոյգ զգացումներու լոյսին ներքեւ, աղօթք մը բարձրացնենք առ Ամենակալ Աստուած, անկէ հայցելու համար իր օրհնութիւնները՝ արար աշխարհին, բոլոր ազգերուն  եւ  համայն մարդկութեան վրայ, որպէսզի ամէնուրեք եւ ամէն մէկուն սրտին մէջ բոյն դնեն սէր, խաղաղութիւն, ուրախութիւն, մտքի անդորրութիւն եւ յատկապէս քրիստոնէավայել ապրելակերպ՝ շնորհիւ մարդացած եւ մանկացած Աստուածորդիին շռայլած պարգեւներուն:

Ձեզի մաղթելով երջանիկ, բարօր եւ սուրբ  տարի, կ'աղօթեմ, որ հաւատքով աճիք, յոյսով տոգորուիք եւ սիրով լիանաք:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ, ՕՐՀՆԵԱԼ ԵՆ ԾՆՈՒՆԴՆ ԵՒ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

Հ. Գ. Զ.   

 








All the contents on this site are copyrighted ©.