2017-01-03 11:01:00

Սաքօ Պատրիարքի զրոյզը Իրաքի մէջ Ս. Ծննդեան տօներու մասին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Քատէացիներուն Պատրիարք՝ գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ, Ասիա Նիւզ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին խօսած է Իրաքի մէջ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւններուն մասին ակնարկելով երեք օրինակներու,  որոնք  բնորոշած են Սուրբ Ծննդեան տօնական օրերը. ''Պաղտատի մէջ ամենուրեք  զետեղուած  Սուրբ Ծննդեան տօնածառերը, Նաժաֆ քաղաքին մէջ  խումբ մը Շիիթ երիտասարդներու մասնակցութիւնը Սուրբ Պատարագի արարողութեան ,  եւ Պասսորա քաղաքին մէջ  իսլամ քրիստոնեայ ամանորին միասնական տօնախմբութիւնը''։

Այս առնչութեամբ Պատրիարքը յոյս յայտնած է ­,  որ 2017 տարին ըլլայ միութեան եւ համերաշխութեան տարի մը ապա հաստատած է թէ ՝՝Ժամանակն է,  որ մահմետականները ցոյց տան իրենց հաւատքին դրական երեւոյթները­ եւ քաղաքական անձնաւորութիւնները աշխատին խոչընդոտներու  վերացումին ի շահ՝  ինչպէս նաեւ գործեն ի սպաս հասարակաց բարիքին''։

''Հարկաւոր է գործել ի սպաս երկխօսութեան, միութեան ու երկրին ապագային'' ընդգծած է պատրիարքը զրոյցի աւարտին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.