2017-01-02 10:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2017 տարուայ առաջին Մարեմեան աղօթքը. Խաղաղութիւն երկրի վրայ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Նոր տարին բարի պիտի ըլլայ այն չափով որ մեզմէ իւրաքանչիւրը, Աստուծոյ օգնութեամբ, պիտի ջանայ բարիք գործել ամէն օր։ Այսպէս է որ կը կառուցուի խաղաղութիւնը` ո՛չ ըսելով ատելութեան ու բռնութեան եւ այո եղբայրութեան եւ հաշտութեան''։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 1 յունուար 2017-ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած նոր տարուայ առաջին Մարեմեան աղօթքի աւարտին ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած 50 հազար ուխտաւորները, մատնանշելով 50 տարիներ առաջ Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետի խաղաղութեան համաշխարհային առաջին օրուայ նշումին, որուն նպատակն է ''ամրապնդել միասնական յանձնառումը կառուցելու համար խաղաղ ու եղբայրական աշխարհ մը'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ այս տարուայ խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամին կեդրոնական նիւթն է բռնութեան վերացումը որպէս խաղաղութեան քաղաքականութեան ոճ ու այս առընչութեամբ անդրադարձաւ ամանորի գիշերը Թուրքիոյ մէջ պատահած ահաբեկչական արարքին, իր մօտիկութիւնը յայտնելով Թուրք ժողովուրդին ու աղօթքները ապահովեցնելով ըլլայ զոհերուն` ըլլայ վիրաւորներուն համար ինչպէս նաեւ Տիրոջ հովանին հայցելով բարի կամք ունեցող բոլոր այն մարդոց վրայ որոնք քաջութեամբ կը դիմագրաւեն ահաբեկչութեան այս ախտը որ վախի ստուերով կը պատէ աշխարհը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին որ Իտալացիներուն յղած ամավերջի պատգամին մէջ յատուկ բարեմաղթութիւններ ուղղած էր Ֆրանչիսկոս Պապին։ Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ապա հրապարակը համախմբուած զանազան խումբերը, ընտանիքներն ու ուխտաւորները, ինչպէս նաեւ` Սանդ էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած  ''Խաղաղութիւն բոլոր երկիրներուն մէջ'' հրապարակային խաղաղ ցոյցին մասնակիցները, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տուած վկայութեան համար հուսկ բոլորին մաղթեց խաղաղ նոր տարի մը Տիրոջ շնորհքի մէջ ու Մարիամի` Աստուածամօր մայրական հովանիի ներքոյ։

''Բարի տօնակատարութիւն ու բարեհաճեցէք չմոռնալ աղօթել ինծի համար'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով բոլոր ներկաներէն։

Նախ քան Մարեմեան աղօթքը արտասանելը Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուցած էր նաեւ խորհրդածութիւն մը կեդրոնացած օրուան տօնակատարութեան` Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր տօնին վրայ. ու յատկապէս Սուրբ Կոյս Մարիամի Աստուծոյ կոչին ցուցաբերած անվերապահ տրամադրութեան վրայ։

''Աստուած Մարիամէն կը խնդրէ որ Ան դառնայ իր Միածին որդոյն Մայրը ու նաեւ համագործակցի իր զաւկին հետ ու զաւկին համար փրկագործութեան ծրագրին, որպէսզի խոնարհ աղախնին միջոցաւ կատարուին աստուածային ողորմութեան հրաշալիքները։

Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ խորհրդածութիւնը եզրափակեց Աստուածամօր նուիրուած աղօթքով մը որուն մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ. Շնորհակալութիւն Սուրբ Մայր Աստուծոյ որդոյն` Յիսուսին։ Շնորհակալութիւն քու խոնարհութեանդ համար, շնորհակալութիւն քու հաւատքիդ համար­, շնորհակալութիւն քու քաջութեանդ համար որով ըսիր ''ահաւասիկ եմ ես''։ Շնորհակալութիւն ով Սուրբ Մայր Աստուծոյ Որդոյն Յիսուսի։ Աղօթէ մեզի համար, ժամանակաւոր ուխտաւորներս. եւ օգնէ որ քալենք խաղաղութեան ճանապարհին վրայ։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.