2017-01-02 09:31:00

Կիրակի 1 Յունուար 2017 Տօն Տնօրէնութեան եւ Անուան Յիսուսի Քրիստոսի


Եւ ան կոչուեցաւ Յիսուս, հրեշտակին խօսքին համաձայն (Ղուկաս 2, 21)

            Նախ եւ առաջ` կը շնորհաւորեմ բոլորին Նոր Տարին որ ահա կը բացուի մեր առջեւ. Այն յոյսով ենք որ այս տարուան սեմին առնուած խաղաղութեան եւ հանդարտու-թեան որոշումները դառնան իրական եւ տեւական։ Հալէպ քաղաքի ազատագրումը եւ պատերազմական գործողութիւններու համարեայ դադարումը մեզի կը ներշնչեն մեծ յոյսեր ապագայի նկատմամբ։

Յունուար մէկը համաշխարհային խաղաղութեան օր ըլլալով` ամէնքս հրաւիրուած ենք մեր ջանքը թափելու որպէսզի այս օրը եւ այսօրուընէ սկսեալ, տարուան մնացած բոլոր օրերը խաղաղութեամբ անցնենք, եւ ոչ մի երկպառակութիւն կամ պատերազմ տիրէ երկիրներու եւ ազգերու միջեւ, ընտանիքներու միջեւ եւ մանաւանդ միեւնոյն ընտանիքի անդամներուն միջեւ։

Այսօր է որ սովորութիւն ունինք նոր առաջադրանքներ կատարելու նոր տարուայ նկատմամբ եւ շնորհք խնդրելու Աստուծմէ որ զանոնք կարենանք իրագործել եկող տարուան ընթացքին, առանց թերանալու մեր գլխաւոր պարտականութիւններուն մէջ, որոնք են` հաւատքը մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի հանդէպ եւ սէրը մեր բոլոր ընկերներուն հանդէպ։

Յունուար մէկը նաեւ Եկեղեցւոյ կողմէ նշուած է որպէս տօն Յիսուսի անուանակո-չութեան։ Յիսուս անունը հրէական բարբառով` կը նշանակէ Աստուած կը փրկէ, Եա­շուայ։ Ուստի այն մանուկը որ ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ` Մարիամի արգանդէն, սովորական մանուկ մը չէ, այլ ինքն է որ եկած է աշխարհ, փրկելու համար մարդկութիւնը եւ առաջնորդելու զայն դէպի իր Արարիչը, Աստուածն ամենակալ։

Այսօր Յիսուսով կ՛օրհնուին նաեւ մեր բոլորի անունները եւ իւրաքանչիւրը կը ստանայ իր յատուկ շնորհքը, վերանորոգելով իր մկրտութեան առթիւ կատարուած խոստումները իր կնքահօր եւ կնքամօր բերանով։ Մկրտութեամբ` մեզի անուն մը տրուեցաւ եւ այդ անունը Ամենասուրբ Երրորդութեան կոչումովը տրուեցաւ մեզմէ իւրաքանչիւրին, որպէսզի մեր մէջ առ յաւէտ դրոշմուի քրիստոնեայի կնիքը։

Նոր տարուայ սեմին` մաղթանքներ կ՛ուզեմ բաշխել մեր բոլոր ունկնդիրներուն, ինչպէս որ Կաղանդ Պապան, կամ Ձմեռ Պապին կը բաշխէ մանուկներուն նուէրները։

Առաջին մաղթանքս է առողջութիւն ձեզմէ ամէն մէկուն. Աստուած թող հեռացնէ ձեզմէ ամէն ծանր հիւանդութիւն, պահէ ձեզ ամէն տեսակ արկածէ եւ կամ վթարէ, ձեզի շնորհէ առողջ եւ կայտար կեանք մը, իսկ եթէ հիւանդ կայ ընտանիքին մէջ, անոր տայ շուտափոյթ ապաքինում եւ առողջութիւն։

Երկրորդ մաղթանքս է յաջողութիւն, մեծերուն` իրենց գործին մէջ, աւելի փոքրերուն` իրենց դասերուն մէջ, իսկ երէցներուն` իրենց ազգօգուտ բոլոր ձեռնարկներուն մէջ։ Իսկ ձախողութեան պարագային` կը մաղթեմ որ չյուսահատիք եւ վերսկսիք, ձեր յոյսը դնելով Աստուծոյ վրայ։

Իսկ երրորդ մաղթանքս է որ այս տարուան ընթացքին` աւելնայ ձեր բոլորին մէջ սէրը եւ իրար հասկացողութիւնը։ Յաճախ պզտիկ նեղութիւն մը պատճառ կրնայ դառնալ տարիներով քէն եւ ոխ պահելու իրար միջեւ. Մաղթանքս է որ ամէն տեսակի ոխակալութիւն դադրի այս տարուան ընթացքին եւ մաքուր եղբայրսիրութիւնը ծաղկի ամենուրեք, Յիսուսի մեզի տուած պատուէրին համաձայն. Սիրեցէք զիրար ինչպէս որ ես ձեզ սիրեցի։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.