2017-01-02 09:35:00

Եկեղեցական գիտելիքներ 8-րդ Կիրակի Յիսնակաց – Յայտնութեան Շաբաթ (1-8 Յունուար 2017)


Այս շաբթուայ ընթացքին` վերջապէս կը փակենք Յիսնակաց շրջանը եւ կը մտնենք Յայտնութեան շրջանին մէջ։

Կիրակի  1 Յունուար 2017` Քրիստոսի Տնօրէնութեան եւ անուան տօնն է. ծնունդէն ութը օր վերջ, արդարեւ, ըստ Ղուկասի զեկուցումին, Քրիստոս կը թլփատուի եւ իրեն կը տրուի Յիսուս անունը. Այս տօնակատարութեամբ` Եկեղեցին կ՛ուզէ Նոր Տարուայ հեթանոսական տօնը սրբացնել եւ քրիստոնէութեան յարմար տօն մը նուիրել։

Այդ օրը նաեւ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրն է. այդ առթիւ` Սրբազան Պապը իր պատգամը կը յղէ համայն մարդկութեան։

Երեքշաբթի 3 Յունուարին` կը տօնենք  Կեսարիոյ մեծ հայրապետները, Բարսեղ եւ եղբայրը՝ Գրիգոր Նիւսացին։

Նոյն օրը կը տօնենք Սուրբ Սեղբեստրոս Հռոմի Հայրապետը. նաեւ՝ Սուրբ Եփրեմ Ասորի Վարդապետը՝ զոր մեր Հայրերը կ՛անուանեն Խուրի։ Ան գլխաւոր կազմակերպիչը եղած է ասորական ծէսին եւ եկեղեցական երգերուն ու մեղեդիներուն. Կատարած է նաեւ բազմաթիւ մեկնութիւններ Սուրբ Գրքէն, որոնք գրեթէ բոլորն ալ հայերէնի թարգմանուած են. Ծնած է Ամիդ եւ մկրտուած է Սուրբ Յակոբ Մծբնացիէն, որ հետագային զինք նաեւ քահանայ ձեռնադրած է։ Վախճանած է Եդեսիոյ մէջ, 378-ին։ Հայերու մօտ շատ ժողովրդական սուրբ մը եղած է մասնաւորապէս իր աղօթագրքովը։

Հինգշաբթի  5 Յունուարին  Ճրագալոյցն է Յայտնութեան տօնին։ Այդ օրուան աւետարանը մեզի կը խօսի Պետրոս առաքեալի գլխաւորութեան մասին. Քրիստոս կ՛ըսէ իրեն. Դուն ես վէմ եւ այդ վէմին վրայ պիտի հաստատեմ իմ եկեղեցիս. Շնորհիւ իր հաւատոյ դաւանութեան, Պետրոս կը կարգուի գլուխը առաքեալներուն։

Ուրբաթ  6 Յունուարին` տօնն է Աստուածայայտնութեան, այսինքն երբ Արեւելքէն եկած մոգերը, աստղի մը առաջնորդութեամբ` կու գան Յիսուս Մանուկը տեսնելու, անոր երկրպագութիւն մատուցանելու եւ իրենց նուէրները տալու, մին ոսկի, երկրոդը` խունկ եւ երրորդը` զմուրս, որով մեռեալներու մարմինը կը զմրսէին։

Յատնութեան տօնին օրը նաեւ կը տօնուի Յիսուսի Մկրտութիւնը։ Սովորութիւն կայ , Յայտնութեան տօնին օրը,  հայկական եկեղեցիներուն մէջ` կատարելու նաեւ ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ ապա` մկրտութիւն Քրիստոսի, Սուրբ Խաչը դնելով մեռոնով օրհնուած ջուրին մէջ։ Ժողովուրդի մէջէն ընտրուած փոքրիկ մը կը ներկայացնէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը։

Յովհաննէս Յիսուսի հեռաւոր զարմիկն է. Յովհաննէսի մայրը` Եղիսաբեթ, եւ Յիսուսի մայրը` Մարիամ, ըստ աւետարանին, զարմուհիներ են։ Մարիամ երբ իմացաւ թէ Եղիսաբեթ վեց ամսուայ յղի էր, անմիջապէս ճամբայ ելաւ եւ գնաց իրեն օգտակար դառնալու։ Երբ իրար հանդիպեցան, Եղիսաբեթի որովայնին մէջ` խայտաց իր մանուկը, եւ այն ատեն հասկցաւ որ Մարիամու արգանդին մէջ գտնուող մանուկը Մեսիան էր, փրկիչը աշխարհի։

Յովհաննէս երբ հասուն տարիքի հասաւ, թողուց ամէն ինչ եւ գնաց անապատ. հոն բաւական ճգնելէ ետք` սկսաւ քարոզել ապաշխարութիւն, պատրաստելու համար ժողովուրդը Տիրոջ գալստեան. Ապաշխարանքէն ետք, որպէսզի անոնք մաքրուէին իրենց մեղքերէն, Յովհաննէս սկսաւ ջուրով մկրտել զիրենք, Յորդանան գետին մէջ։

Աստուածայայտնութիւնը ըստ հայ ծէսի, մեր 5 մեծ տօներէն մին է, որ կը կոչուի նաեւ Տաղաւար։

Շաբաթ  7 Յունուար` ըստ հայկական սովորութեան` մեռելոց օր է եւ յիշատակութիւն կը կատարուի բոլոր ննջեցեալներուն։ Արեւելքի մէջ` մեր վարդապետները կը կատարեն նաեւ գերեզմանօրհնէք եւ այդ օրը բոլորովին կը նուիրուի համայն հանգուցեալ հոգիներուն։

Կիրակի  8 Յունուար 2017՝   Յայտնութեան Ա. Կիրակին է։








All the contents on this site are copyrighted ©.