2016-12-30 09:19:00

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց


Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ հինգշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2016-ին այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոց: Վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ   Շահէ եպս. Փանոսեանի, ծերանոցի տնօրէնութեան ու խնամակալութեան կողմէ:

Տնօրէնութեան ու խնամակալութեան անունով վեհափառ հայրապետին բարի գալուստ մաղթեց Ազգային ծերանոցի տնօրէն վեր. Սեպուհ Թերզեան, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ հակառակ իր բազմազբաղութեան ամէն տարի առիթ կը ստեղծէ այցելելու ընկերային ծառայութիւն մատուցող հաստատութիւններ եւ հանդիպելու պատսպարուող հայորդիներուն հետ: Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը վեհափառ հայրապետին տեղեկացուց Ազգային ծերանոցին մատուցած զանազան ընկերային ծառայութիւններուն ու աշխատանքներուն մասին:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ պատսպարեալ տարեցներուն հետ, հետաքրքրուեցաւ անոնց առողջական վիճակով, զրուցեց անոնց հետ եւ անոնց վստահեցուց, թէ ազգը մի՛շտ տէր եւ պաշտպան պիտի կանգնի հայ տարեցներուն բոլոր տեսակի պէտքերուն եւ կարիքներուն: Վեհափառ հայրապետը, իր խօսքը ուղղելով պատսպարեալ ծերունիներուն, ըսաւ. «Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան սեմին, ես աղօթող եմ առ բարձրեալն Աստուած, որ ձեզի եւ բոլոր հայ տարեցներուն շնորհէ կատարեալ առողջութիւն, հոգեկան խաղաղութիւն, ուժ եւ կորով: Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի հրաշագործող օրհնութիւնները թող որ անպակաս ըլլան ձեր վրայէն:

Աւարտին, միաբան հայրեր Ս. Ծննդեան շարականներու  երգեցողութեամբ մամիկներն ու պապիկները բաժնեկից դարձուցին տօնական ուրախութեան: Ծերունիներ եւս իրենց կարգին աղօթքներով, երգերով ու արտասանութիւններով Նոր տարուան բարեմաղթութիւններ կատարեցին վեհափառ հայրապետին ու մաղթեցին երկար տարիներու գահակալութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.