2016-12-30 09:14:00

30 դեկտեմբերի կէս գիշերէն սկսեալ Սուրիոյ մէջ զինադադար։


Մոսկուա, Անգարա եւ Դամասկոս յայտարարեցին, որ 30 դեկտեմբերի կէս գիշերէն սկսեալ Սուրիոյ մէջ զինադադար հաստատելու վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացած է:

Սուրիական բանակը իր կարգին սուրիական բոլոր հողերուն վրայ յայտարարեց մարտական գործողութիւններու դադրեցում մը, որ չի ներառեր ՏԱՀԵՇ-ը, Ժապհաթ Նուսրան եւ անոնց առնչակից խմբաւորումները: Սուրիական ազատ բանակը իր կարգին յայտարարեց, որ յանձնառու է գոյացած համաձայնութեան, սակայն իրեն կը վերապահէ հակադարձելու իրաւունքը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ հանդիպումէ մը ետք յայտարարեց Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատումն ու քաղաքական բանակցութիւններու պատրաստութիւնը:

Փութին ըսաւ, որ ստորագրուած են երեք փաստաթուղթեր, առաջինը` Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատում սուրիական կառավարութեան եւ զինեալ ընդդիմութեան միջեւ, երկրորդը` զինադադարի հսկողութեան միջոցառումներուն վերաբերող, իսկ երրորդը` Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման բանակցութեան պատրաստութիւնը յայտարարող:

Շոյկու յայտարարեց, որ Մոսկուա ուղղակի կապ պիտի հաստատէ Թուրքիոյ հետ` երաշխաւորելու համար համաձայնութեան գործադրութիւնը` աւելցնելով.«Ռուսիան կրնայ իր ուժերուն մէկ մասը հեռացնել Սուրիայէն»: Ան նշեց, որ զինեալ ընդդիմութեան կորիզը կազմող 7 խմբաւորումներ պիտի միանան զինադադարին` աւելցնելով, որ զինեալ խմբաւորումները երէկ առաւօտեան ստորագրած են զինադադարի համաձայնութեան վերաբերող երեք փաստաթուղթեր:

Աւելի ուշ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ համաձայնութիւնը ստորագրած զինեալ խմբաւորումներուն անդամակցող զինեալներուն թիւը 50 հազար է:

Լաւրով յայտնեց, որ Եգիպտոս պիտի հրաւիրուի մասնակցելու Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն կրնայ Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւններուն միանալ Տանըլտ Թրամփի երդման արարողութենէն ետք:

Լաւրով նշեց, որ Մոսկուա պիտի առաջարկէ, որ Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Իրաք եւ Յորդանան միանան զինադադարի համաձայնութեան: Ան ըսաւ, որ ամէն ինչ իրագործուեցաւ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ համակարգումով: «Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ Ասթանայի ժողովին պատրաստութեան կը սկսինք», յայտնեց Լաւրով:

Համաձայնութեան մէջ Ասթանայի ժողովը նախատեսուած է մէկ ամիս ետք:

Նշենք, որ աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, թէ Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են գոյացած համաձայնութեան եւ Ասթանայի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն հարցերը: Երկու նախարարները ողջունած են համաձայնութիւնը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտարարեց. «Անգարա եւ Մոսկուա պիտի երաշխաւորեն Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւնը»: Ան ըսաւ, որ Անգարա ընդդիմութեան համաձայնութեան նկատմամբ յանձնառութեան երաշխաւորը պիտի ըլլայ, իսկ Ռուսիա` Դամասկոսի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնեց, որ Իրան կ՛ողջունէ եւ միշտ ալ ողջունած է Սուրիոյ մէջ զինադադարի յայտարարումը:

Քաղուած <<Ազդակ>>-էն








All the contents on this site are copyrighted ©.