2016-12-30 12:12:00

2016-ին. աշխարհին մէջ սպաննուած են 28 հոգեւոր հովիւներ


(Ռատիօ Վատիկան) 2016-ին, աշխարհի մէջ սպաննուած են 28  կաթողիկէ հոգեւոր հովիւներ։ Ամենէն  շատ զոհուած կղերականներուն թիւ արձանագրուած է Ամերիկիոյ մէջ, մինչ՝ աճ արձանագրած է սպաննուած կրօնաւորուհիներու թիւը,  որ հասած է 9 կրօնաւորուfիներու, կրկնապատիկը՝ բաղդատմամբ  2015 թուին։ 
Ըստ եկեղեցական Ֆիտես լրատու գործակալութեան , 2016 թուականին, բռնութեամբ սպաննուած են 18 քահանաներ, 9 կրօնաւորուհիներ, 1 նորընծայ եւ 4 նուիրեալ աշխարհականներ։ 
Ցամաքամասերու բաժանումով, Ամերիկայի մէջ սպաննուած են 12 հոգեւոր հովիuներ՝ 9 քահանաներ եւ 3 մայրապետներ, Ափրիկէի մէջ սպաննուած են 8 կղերականներ՝ 8 քահանաներ , 2 մայրապետներ , 1 նորընծայ եւ 2 աշխարհականներ,  Ասիոյ մէջ սպաննուած են  7 հոգեւոր հովիւներ՝ 1 քահանայ, 4 մայրապետներ, 2 աշխարհականներ, իսկ Եւրոպայի մէջ սպաննուած է 1 քահանայ։ 
Արժանի է յիշել , թէ  մեծագոյն հոգեւոր հովիւներուն սպանութիւնը կատարուած է կողոպուտի եւ գողութեան հետեւանքով, եւ տեղի ունեցած են  այն միջավայրերու մէջ ուր կը տիրէ բարոյականութեան անկում, տնտեսական եւ մշaակութային աղքատութիւն,մարդու իրաւունքի յարգանքի պակաս։ 
Արդարեւ՝  յիշեալ աղքատ վայրերրուն մէջ կղերականները՝  յանուն աւետարանի,  բարձր ձայնով դատապարտած են կաշառակերութեան, աղքատութեան բացասական երեւոյթները։
Այս առնչութեամբ , Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Սուրբ  Ստեփանոսի տօնին Հրեշտակ Տեառն աղօթքին  խորհրդածութեան մէջ  յիշած էր, որ աշխարհը կ՝ատէ  քրիստոնեաները նոյն այն պատճառով զոր  Յիսուսը ատեց, որովհետեւ՝  Ան,  Աստուծոյ լոյսը պարգեւեց  աշխարհին,  աշխարհը սակայն   նախընտրեց  խաւարը՝ թաքցնելու համար իր չար գործերը։      
 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.