2016-12-30 10:08:00

2016-ին, 4 միլիոն հաւատացեալներ մասնակցած են Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումներուն եւ արարողութիւններուն


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի ոստիկանատունը ինչպէս ամէն տարի  ներկայացուց, 2016 տարուան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումներուն մասնակցող հաւատացեալներուն թիւը։

Նորին Սրբութեան Վատիկանի մէջ կատարած հանդիպումներուն՝ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններուն, յոբելինական հրապարակային ունկնդրութիւններուն, ծիսական արարողութիւններուն եւ կիրակնօրեայ  Մարեմեան աղօթքներուն , 2016 տարուան ընթացքին մասնակցած են  3952.140 հաւատացեալներ։

Նշենք, թէ յիշեալ հաւատացեալներու թիւին մէջ ներառուած չեն Նորին Սրբութեան Վատիկանէն  դուրս կատարած հանդիպումներուն մասնակցող հաւատացեալներուն թիւը, ինչպէս է պարագան Սրբազան Քահանայապետին Հռոմի թեմին կատարած այցելութիւնները, ազգային եւ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնները, ուր Ան հանդիպած է հազարաւոր հաւատացեալներու։

Նորին Սրբութեան հանդիպումներուն  ամենէն շատ հաւատացեալներու ներկայութիւն արձանագրուած է տարւոյս մարտ ամիսը՝ Աւագ շաբթուան  ընթացքին, ինչպէս նաեւ Սեպտեմբերին ՝ Մայր Թփրեզայի սրբադասման արարողութիւնը։

Սրբազան Հայրը 2016-ին, առաքելական միջազգային ճամբորդութիւն կատարած է  Մեքսիքօ, Լեզւոս կղզի,  Հայաստան , Լեհաստան, Վրաստան, Ազերպեճեան, եւ Շուէտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.