2016-12-29 08:55:00

Ամանորի գիշերը գոհաբանական մաղթանք եւ նռնօրհնէք պիտի կատարուի


Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Ամանորի գիշերը` ժամը 24:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր տաճարներուն մէջ, պիտի կատարուի Գոհաբանական մաղթանք եւ նռնօրհնէք: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։

Նռնօրհնէքի համար նախատեսուած նուռը այս տարի Մայր Տաճարին ընծայած են ԼՂՀ իշխանութիւնները: Հայկական աւանդութեան մէջ նուռը` իբրեւ ազգային խորհրդանիշ՝ կը կրէ կեանքի, ծաղկունքի եւ առատութեան իմաստ:

Քրիստոնէական խորհրդաբանութեան մէջ նուռը խորհրդապատկերն է Յիսուս Քրիստոսի հեղած արեան` խորհրդանշելով նաեւ Տիրոջ հրաշափառ Յարութիւնն ու Աստուծոյ շնորհներու բազմազանութիւնը: Հայոց Եկեղեցւոյ վարդապետներու եւ հայրերու մեկնութիւններուն մէջ նուռը կը ներկայացուի նաեւ այն խորհրդաբանութեամբ, որ անոր հատիկներուն պէս Եկեղեցւոյ անդամները շատ ու բազմատեսակ են, սակայն պատուած են նրան նման պինդ կեղեւով` միաւորուած ըլլալով մէկ Եկեղեցւոյ մէջ: Այս պատճառով՝ նրան խորհրդաբանութիւնը լայնօրէն օգտագործուած է հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան, արուեստի եւ մանրանկարչութեան մէջ: 








All the contents on this site are copyrighted ©.