2016-12-29 09:03:00

«Իրաքեան բանակը ազատագրած է Մուսուլի մեծ մասը» կ՛ըսէ Ժաաֆարի


Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իրաքեան բանակի ստորաբաժանումները ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրած են Մուսուլի մեծ մասը:
Ըստ Ժաաֆարիի, ահաբեկիչներէն ազատագրուած են նաեւ Նինուէ նահանգին մէջ գտնուող քաղաքին մօտակայ տարածքները:
«Ասիկա 56 շրջաններէն 40-ն է: Պիտի սկսի մնացեալ 16 շրջաններու ազատագրման գործողութիւնը», աւելցուցած է ան:
Մուսուլի ազատագրման արշաւը սկսաւ 17 հոկտեմբեր 2016-ին: Իրաքեան բանակին կ՛օգնեն ամերիկեան գլխաւորութեամբ Միջազգային դաշինքի պատերազմական օդանաւերը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.