2016-12-29 10:18:00

2016-ին աշխարհին մէջ իրենց հաւատքին համար սպաննուած են 90.000 քրիստոնեաներ


(Ռատիօ Վատիկան) Ըստ ՝Միացեալ Նահանգներու Մասաշուսէթ քաղաքին մէջ կեդրոն ունեցող աւետարանական հետազօտական կեդրոնին, 2016 տարեշրջանին իրենց հաւատքին համար սպաննուած են 90.000 քրիստոնեաներ։ Ամէն վեց վայրկեան` քրիստսոնեայ մը զոհուած է։

Բարեբախտաբար վերոնշեալ թիւը նուազած է   2014-ի բաղդատմամբ որուն ընթացքին սպաննուած էին 105.000 քրիստոնեաներ։

90.000 զոհուածներու մեծամասնութիւնը սպաննուած են Ափրիկէի մէջ։ Անոնք  թիրախ դարձած են  ահաբեկչական արարքներու, ենթարկուած են Պետութեան կողմէ  հալածանքներու, որոնք կործանած եւ հրկիզած  անմեղ քրիստոնեաներուն բնակարանները

Միշտ վերոյիշեալ կեդրոնին տուեալներուն համաձայն, իրենց հաւատքին համար սպաննուած քրիստոնեաներէն զատ,  աշխարի 102 զանազան երկիրներուն համար , շուրջ 600 միլիոն քրիստոնեաներ , զրկուած են կրօնային ազատութենէն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.