2016-12-28 09:24:00

Ռուսական օդանաւը հաւանաբար ջախջախուած է խանգարումի հետեւանքով։


Անցած շաբաթավերջին, Սեւ ծովուն մէջ կործանած ռուսական օդանաւին շուրջ հետաքննութիւնները կը շարունակուին տակաւին, սակայն ռուս պաշտօնատարներ կը յայտնեն, թէ ներկայ տուեալներով կարելի է ըսել, որ անիկա ահաբեկչական արարքի մը հետեւանք չէր, այլ հաւանաբար խանգարումի մը պատճառով ջախջախուած էր։

Մոսկուայէն Սուրիոյ Լաթաքիա ծովափնեայ շրջանը մեկնող օդանաւը նախ Սոչիի մէջ վայրէջք կատարած էր, ապա այնտեղէն թռչելէ քանի մը վայրկեան ետք՝ ինկած էր ծովուն մէջ։

Աղէտին հետեւանքով մահացան օդանաւի բոլոր՝ 92 ճամբորդները, որոնցմէ ութն օդանաւի անձնակազմի անդամ էր, իսկ մնացեալը՝ ռուսական նշանաւոր «Կարմիր Բանակ» երգչախումբի անդամներն էին, որոնք Լաթաքիա կ՛երթային՝ հոն գտնուող ռուսական ռազմախարիսխի զինուորներուն համար Ամանորեայ համերգ տալու։

Երգչախումբը, որ Ռուսիոյ պաշտ-պանութեան նախարարութեան պաշտօնական երգչախումբն է եւ 88ամեայ հարուստ պատմութիւն ունի, մեծ հռչակ կը վայելէ աշխարհի տարածքին։

Զոհերուն շարքին կային սպայական բարձր կոչումներ ունեցող յայտնի երգիչներ, մենակատարներ, երկարամեայ խմբավար Խալիլով, ինը լրագրողներ ու երգչախումբին ընկերակցող քանի մը պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ՝ յայտնի բժշկուհի Ելիզավէթա Կալքինա, որ յայտնի է իր մարդասիրական ծրագիրներով։

Զոհերուն մէջ կային նաեւ երկու հայեր՝ գնդապետ Ա. Վահանով եւ երգչախումբի անդամներէն Օ. Կէորկիյեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.