2016-12-28 09:45:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Մեծագոյն Անամօթութիւնը


Ամօթին ու անամօթութեան մասին բարոյագիտական բնոյթի հատորներ կարելի է գրել, այնքան որ ընդարձակ է նիւթը, եւ բազմերես են անոր շօշափումի ծալքերը:

Աշխարհի հետզհետէ քաղաքակրթուելու երեւոյթին դիմաց սակայն, կայ անամօթութիւն մը, որ խարանի նման դաջուած է միլիոնաւոր մարդոց ճակատին:

Տագնապահար երկիրներու մէջ, ուր մանաւանդ պատերազմ կայ եւ անորոշութիւն, ի յայտ կու գայ անգործութիւնը, որուն հետեւանքով աղքատութիւնը, դեռ չըսելու համար ասոնց յարակից բազմաթիւ «ութիւններ» որոնք մէկը միւսին իբրեւ հետեւութիւն, կը դժբախտացնեն բազմութիւններ, թշուառութեան գիրկը նետելով հաւաքականութիւն մը ամբողջ:

Կան նաեւ երկիրներ, ուր երաշտը պատճառ կը հանդիսանայ սովի, հիւանդութիւններու եւ մահուան: Բարեբախտաբար մարդասիրական կազմակերպութիւններու միջազգային յարաբերութիւնները այնքան անմիջական դարձած են, որ իրարու թշնամի պետութիւններու միջեւ եւս կարելի կ՛ըլլայ, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու միջոցաւ հասնիլ անմեղ ժողովուրդին, կեանքեր փրկելու եւ անոնց անմիջական կարիքները հոգալու:

Աղքատութեան տեսակները կ՛արժէ բաղդատել իրարու հետ, որովհետեւ ամէն աղքատ աղքատ չի՛ սեպուիր, իսկ պէտք է հարուստներէն ոմանք ալ աղքատ անուանել: Մարդ կայ, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին աղքատ կ՛ապրի, ագահութեան պատճառով, սակայն իբրեւ հարուստ կը մեռնի… Անոր մահէն ետք կը բացայայտուի, թէ որքա՜ն հարստութեան տէր էր ան: Զարմանալին այն է, որ երբեմն նման անձեր ժառանգորդներ ալ չեն ունենար, որպէսզի գէթ անոնք վայելեն կտակուած հարստութիւնը, եւ տուեալ երկրին պետութիւնը կը սեփականացնէ զայն: Մարդու ճիշդ ա՛յս տեսակին համար գրուած է այն առածը, որ կ՛ըսէ. «Աղքատ ձեւացող հարուստին ունեցուածքը կը նմանի լերան անմերձենալի կատարին ինքնաբոյս թզենիին, որուն պտուղները ո՛չ ինք, ո՛չ ալ ուրիշը կրնայ քաղել, սակայն ագռաւները կու գան, հանգիստ կը նստին անոր վրայ եւ կը կտցահարեն բոլոր թուզերը»:

Մեր կատարած ակնարկին երկրորդ բաժինը, ուր կ՛ըսուէր, թէ հարուստներէն ոմանք ալ պէտք է աղքատ անուանել, անոր համար՝ որ Աստուծոյ տուած հարստութեան դիմաց, Անոր գոհաբանութիւն յայտնելու լաւագոյն կերպերէն մէկը բարեսիրութիւնն է: Այն հարուստը, որ տակաւին բարեսիրութեան ճաշակը չէ՛ առած, աղքատէ մը չի՛ տարբերիր: Սակայն զայն աղքատ չեն կոչեր մարդիկ, որովհետեւ իր արտաքին տեսքով կը տարբերի աղքատներէն, այսինքն՝ իր մաքուր հագուստներով եւ գործածած թանկարժէք անուշահոտերով: Մինչդեռ, պէտք չէ՛ զայն հարուստ անուանել, այլ՝ աղքատ, որովհետեւ այնքա՛ն աղքատ է, որ կը խորհի, թէ իր շուրջ գտնուող աղքատները իրեն նման կուշտ են եւ բաւարարուած… Ուրեմն զգացողութեան տկարութիւն ունին անոնք եւ այդ պատճառով ալ չեն կրնար իրենց շրջապատին հանդէպ սէր եւ հոգատարութեան մօտեցում ցուցաբերել:

Անամօթ ածական կը դնենք անունին դիմաց այն անձերուն, որոնք չեն ամչնար, նոյնիսկ եթէ ամչնալ պարտաւորուին:

Անամօթութիւնը իր  բարոյական իմաստէն տարբեր, ունի նաեւ այլ իմաստ մը, որ ինքնադաստիարակութեան կ՛առաջնորդէ մարդը: Աշխարհի մէջ մեծագոյն անամօթութիւնը անօթութիւնն է: Անօթութեան պատճառները բազմաթիւ են, անոնցմէ  գլխաւորը ծուլութիւնն է, որուն հետեւանքով անգործութիւնը, եւ ասոր արդիւնք՝ անօթութիւնը ի յայտ կու գան:

Բոլորս ալ հանդիպած ենք մարդոց, որոնք կը նախընտրեն անգործ մնալ, քան՝ իրենց համար վարկաբեկիչ նկատուող արհեստներ աշխատիլ: Աւագ սերունդի ներկայացուցիչները կ՛ըսէին՝ «Գործին ամօթը չկայ», որովհետեւ անօթութիւնը մեծագոյն անամօթութիւնն է: Մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ընթացքին եղաւ ժամանակ, երբ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ընտանիքներու զաւակները անօթի քնացան: Կամ՝ եղաւ ժամանակ, երբ տան հայրը հազիւ ապուրով մը կրցաւ կերակրել իր ընտանիքը մէկ օրուան ընթացքին: Սակայն, նոյնիսկ այդ վիճակին մէջ, կը պատմուի, թէ տան մայրը կը թելադրէր իր զաւակներուն, ապուրը կերած ժամանակ դգալները ամանին զարնել, որպէսզի հարեւանները իմանային, որ իրենք ճաշ ունին ուտելիք այդ օր… Որովհետեւ անօթութիւնը մեծագոյն անամօթութիւնն է…

Անօթութիւնը մեծագոյն անամօթութիւնն է, յատկապէս ներկայ քաղաքակիրթ եւ զարգացած մեր այս դարուն։

Գրիգոր արք, Չիֆթճեան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.