2016-12-27 10:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը ռուսական օդանաւի աղէտի զոհերուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 26 դեկտեմբեր 2016-ին, Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին առթիւ արտասանած աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց ռուսական օդանաւի աղէտի զոհերուն համար։

''Իմ անկեղծ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ Սեւ Ծովուն մէջ ինկած ռուսական օդանաւի տխուր լուրին առթիւ։ Թող Տէրը մխիթարէ սիրելի ռուս ժողովուրդը եւ ընտանիքներն անոնց, որոնք կը գտնուէին այդ թռիչքին վրայ. լրագրողներ, անձնակազմ, զինուորական հրաշալի երգչախումբի անդամները։ Սուրբ Կոյս Մարիամը թիկունք կանգնի տեղի ունեցող որոնափրկարարական գործողութիւններուն։ 2004-ին այդ երգչախումբը ելոյթ ունեցած էր Վատիկանի մէջ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի գահակալութեան 26րդ տարեդարձին առթիւ։ Աղօթենք անոնց համար - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.