2016-12-27 13:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Թեզէի հասարակութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Թեզէի հասարակութեան համամիութենական այս տարուան հաւաքը  տեղի կ՝ունենայ Լիթուանիոյ Ռիկա քաղաքին մէջ՝ 28 դեկեմբերէն միչնեւ 1 յունուար 2017։

Յիշեալ ծրագիրը`  որ առաջինը կը հանդիսանայ,    կազմակերպուած Պալթիկ ծովուն մօտակայքը, որ  ունի Լուտերական աւանդ  եւ ուր՝ վաղուց ի վեր գոյութիւն ունին զօրաւոր կապեր  կաթողիկէ , լուտերական եւ օրթոտոքս հաւատացեալներուն միջեւ, շարունակութիւնն է  1970 թուակնանին , եղբայր Թեզեի հասարակութեան  հիմնադիր` Ռոժեյի կողմէ սկսած ՝՝ երկրի վրայ յոյսի ուխտագնացութիւն ՝՝  խորագգիրով երիտասարդդաց հաւաքին։  

Թեզէի  39-րդ  հաւաքին մասնակցող երիտասարդներուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ  պատգամ մը յղած է, որուն  մէջ հրաւիրած է երիտասարդները,  արտայայտուելու  խօսքով եւ գործով եւ յայտնած թէ  չարը , իր  վերջին խօսքը  չունի մեր պատմութեան մէջ։

՝՝Մեր օրերուն անթիւ անձեր խռովութեան  մատնուած են, եւ յուսահատ վիճակի մէջ կը գտնուին ՝  բռնութիւններու, անարդարութիւններու , տառապանքի  եւ բաժանումներու պատճառով ։ Բազմաթիւ անձեր այն տպաւորութիւնն ունին, որ չարը բոլորէն աւելի զօրեղ է>> գրած է քահանայապետը ապա մէջբերած է Ողորմութեան սուրբ տարուան փակման  առթիւ հրապարակուած ՝՝Ողորմածութիւն եւ թշուառութիւն՝՝յորդորագիրէն խօսքը թէ  ՝՝ Ողորմութեան  ժամանակ է բոլորին եւ իւրաքանչիւրին համար, որպէսզի ոչ ոք  կարենայ մտածել, թէ օտար կը մնայ Աստուծոյ մօտիկութեան դիմաց ու անոր քնքշութեան զօրութեան առջեւ՝՝։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ՝՝յատուկ  մօտիկութիւն՝՝  յայտնած է այն երիտասարդներուն , որոնք նախընտրած են իրենց  հանգստաւէտ բազկաթոռները թողուլ՝ ապրելու համար  յիշեալ՝՝ յոյսի  ուխտագանութիւնը եւ այս առընչութեամբ աւելցուցած է ՝՝Քրիստոնեայ կաթողիկէ, աւետարանական, օրթոտոքս երիտասարդներ, սոյն  օրերու ապրումներով՝ որ յատկանշուած են եղբայրական  իսկական  հոգիով , դուք կ՛արտայտէք փափաքը,  ըլլալու պատմութեան  դերակատարներ, ու թոյլ չի տալ որ ուրիշներ ձեր  ապագան որոշել ՝՝Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մաղթանք յայտնած է որ հաւաքին այս օրերը սատարեն,  սահմանփակումներէն վախ չունենալ, այլ՝  աճիլ Յիսուսի, Քրիստոս Տիրոջ ապաւինելով, որ կը հաւատայ ու կը վստահի երիտասարդներուն՝՝։ 

Սրբազան Հայրը պատգամը աւարտած է յոյս յայտնելով որ երիտասարդները` Եղբայր Ռոժեյի տուած վկայութեան պարզութեամբ, կարենան եղբայրական  կամուրջներ կառուցել ու տեսանելի դարձնել  սէրը որով Աստուած մեզ կը սիրէ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.