2016-12-26 09:24:00

Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ


Սուրբ Ստեփանոս Նախավկան, Յովհաննէս Մկրտիչի հետ միասին, յատուկ տեղ կը գրաւէ սուրբերու կարգին մէջ։ Ակնարկ մը նետելով մեր աղօթքներու եւ ծիսակատարութիւններու վրայ, պիտի տեսնենք, թէ ան կը յիշուի Աստուածածինէն եւ Յովհաննէս Մկրտիչէն ետք, եւ ըստ Վարք Սրբոցի՝ “Քրիստոսէ ետք, վկաներու ճանապարհ”։

Զարմանալի չէ Սուրբ Ստեփանոսի շնորհուած այս մեծարանքը, որովհետեւ ան քրիստոնէութեան առաջին նահատակն է։ Մեր հոգեւոր գրականութեան մէջ, Վարք Սրբոց, Յայսմաւուրք, Շարակնոց ու Ճառընտիրներուն մէջ կը կարդանք Սուրբին տրուած հետեւեալ տիտղոսները՝

«Պսակ Եկեղեցւոյ.

Անդրանիկն մարտիրոսաց.

Նախավկայ՝ առաջին մարտիրոս.

Նախասարկաւագ.

Այր լի հաւատով եւ Հոգւով Սրբով.

Լի շնորհօք եւ զօրութեամբ.

Հրեշտակակերպ տեսլեամբ.

Մեծն Ստեփաննոս.

Յորովայնէ ընտրեալ.

Դրօշակակիր խաչին Քրիստոսի.

Զինակիր զօրագլխին հաւատոց Յիսուսի.

Պարագլուխ ամենայն սրբոց արեամբ նահատակելոց.

Գերագոյն քան զվկայեալսն ի հնումն ի վերայ ճշմարտութեան մովսիսաւանդ օրինաց.

Նախաշաւիղ ամենայն վկայից յօրէնս շնորհաց.

Հարազատ եւ ճշմարիտ աշակերտ Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ եւ հետեւող հետոց նորա.

Առաջին պաշտօնեայ քահանայապետին յաւիտենից պատարագելոյ ի վերայ խաչին ի փրկութիւն աշխարհի.

Նախավկայ ճշմարտութեան նորա, եթէ Յիսուս է Քրիստոս Որդի Աստուծոյ.

Եղեւ յետ Քրիստոսի ճանապարհ վկայից.

Նախաշաւիղ եւ օրինակ բարեաց՝ անթիւ բազմութեան մարտիրոսաց՝ սկսեալ յառաքելոց եւ յաշակերտաց.

Երջանիկ ճառագայթ՝ արժանաւոր առաքելական քարոզութեանցն։»

 

Մեր հոգեւոր գրականութեան այս խօսքերը լոկ սուրբին ուղղուած մեծարանքի արտայայտութիւններ չեն։ Անոնք պէտք է ընկալենք նաեւ իբր խրատական մեզի, հաւատացեալներուս։ Սուրբերու մեծարանքը եւ անոնց տօնի կատարումը մեզի քրիստոնեաներուս համար ունի զանազան պատճառներ։ Նախ շնորհակալ կ’ըլլանք Աստուծոյ, որ Իր շնորհքով մեր մէջէն կոչած է սուրբերը անոնց շնորհելով Սուրբ Հոգիին պարգեւները։ Շնորհակալ կ’ըլլանք նաեւ յիշատակուող սուրբին, որ համապատասխանելով Աստուծոյ շնորհքին՝ ապրած է սրբակենցաղ կեանքով եւ կամ նահատակուած է Քրիստոսի համար։ Կը դիմենք սուրբին բարեխօսութեան, որովհետեւ ան ըլլալով Քրիստոսի մօտիկ անձ, կրնայ մեզի համար Աստուծոյ աղաչանք մատուցանել։ Եւ վերջապէս, կը կատարենք սուրբերու տօնը, յիշելով անոնց կենցաղն ու վարքը, որ մեզի կը ծառայէ իբր օրինակ, եւ մեզ կը քաջալերէ։ Նկատի առնելով սուրբերու տօնախմբութեան այս տուեալները, կրնանք հասկնալ նաեւ սուրբի նուիրուած շարականներու կառոյցը՝ ուր հակիրճ կերպով կը կրկնուի սուրբի վարքին պատումը, փառաբանութեան խօսք կ’ուղղուի Աստուծոյ եւ դիմում կը կատարուի սուրբի բարեխօսութեան։

 

Սուրբ Ստեփանոսի պատմութիւնը կը կարդանք Գործք Առաքելոցին մէջ։ Ան առաջին եօթ սարկաւագներէն էր։ Իր հաւատքին համար կը քարկոծուի հրեաներէն։

 

Օրուան տօնի շարականը կ’երգէ՝

«Նահատակ բարի Քրիստոսի եղեր այսօր ի միջի մերում.

եւ մտեր ի վերնատունն խորհրդոյ յաւիտենականի։

Որ ընտրեցար ի դասս երկնաւոր զօրացն.

պսակեցար ի թագաւորէն.

զանաթառամ զպսակն.

եւ մկրտեցար արեամբդ քո սրբոյ.

առաջին վկայ Քրիստոսի Սուրբ Ստեփանոս.

նախասարկաւագ մեծ։

Մարտեար ընդդէմ թշնամւոյն այսօր եւ գնեցեր արեամբդ քո զարքայութիւնն

ի պարծանս ազգի մարդկան,

ճգնաւոր Քրիստոսի։

Գոհութիւն երեքսրբեանին,

որ ընկալաւ զվկայդ իւր զսուրբ Ստեփանոս

ի վերինն Երուսաղէմ։

Որ ընտրեցար՝ ի կոչումն առաքելական քարոզութեանցն արժանաւոր լինելով սուրբ Ստեփանոս.

բարեխօսեա առ Քրիստոս վասն անձանց մերոց։

Որ խնդրեցեր զթողութիւն ի վերայ քո քարաձիգ ժողովոյն սուրբ Ստեփանոս.

եւ այժմ վասն քո ուխտաւորացս աղաչեա զընդ աջմէ Հօր նստեալն։

Որ արժանի եղեր զմարտիրոսականն առնուլ պսակ նախդ ի վկայս.

առ պսակիչն սրբոց եւ վասն մեր բարեխօսեա։

Ճանապարհ վկայից յետ Քրիստոսի գտար.

եւ աստուածային փառացն արժանաւոր եղեր.

բանսարկուն զինու քո վիրաւորեցաւ։

Այսօր դասք հրեշտակաց ուրախանան ընդ ճգնութիւն սրբոյն Ստեփանոսի նախավկային։

Քանզի գոչէ եկեղեցի քո Քրիստոս.

զյաղթանակ մարտ հեղման արեան սորա ի վերայ մեծի անուանն քոյ Տէր։

Բազում համարձակութիւն է սորա առաջի Աստուծոյ ի ձեռն հեղման սուրբ արեանն իւրոյ.

քանզի յօժարութեամբ մատնեաց զանձն իւր չարաչար եւ դառն տանջանաց վասն մեծի անուանն Տեառն։

Քանզի արհամարհելով անարգեաց զանցաւոր զկեանս աշխարհիս եւ փափագեաց յաւիտենական կենացն.

եւ միշտ եւ հանապազ ուրախանայ ընդ Տեառն իւրոյ յանսպառ յուրախութիւնսն։

Հաստատութիւն ի Քրիստոսէ հայցեա սուրբ Եկեղեցւոյ։

Զի եւ մեզ ուսուսցես փառաւորել Սուրբ զԵրրորդութիւնն։”

 

Շարականը խօսքը ուղղելով սուրբին, կը յիշէ, թէ ան նահատակուեցաւ, բարձրանալով հրեշտակներու դասին, պսակուելով Քրիստոս թագաւորի ձեռքով։ Այդ պսակումը կատարուեցաւ, որովհետեւ սուրբը “արեամբ մկրտուեցաւ”, այսինքն արեան հոսումով մաքրուեցաւ, սրբացաւ՝ ինչպէս մկրտութեան աւազանը կը մաքրէ մարդ արարածը։

Սուրբը արեամբ “գնեց” արքայութիւնը։ Շարականի այս խօսքը կը յիշեցնէ մեզի Յիսուսի պատմած մարգարիտներու եւ դաշտի մէջ ծածկուած գանձի առակները, երկնքի արքայութեան մասին։

Սուրբին մարտիրոսութիւնը կը նկարագրուի իբր մարտ, պայքար թշնամիին դէմ։ Թշնամին՝ սատանան է, որ կը փորձէր սուրբը հեռացնել Քրիստոսի հաւատքէն ու հաւարտարմութենէն։ Եւ ինչպէս շարականը կ’երգէ՝ “Բանսարկուն, սատանան, քու զէնքով վիրաւորուեցաւ։” Այս պայքարէն սուրբը յաղթական դուրս կու գայ։

Անոր նահատակութիւնը մարդկութեան համար պարծանք է։ Աստուած զայն ընդունեց երկնքի մէջ. ասոր համար ամենասուրբ Երրորդութեան գոհութիւն կը մատուցանենք։

Ապա շարականը կը շարունակէ՝ “Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։ Դուն քեզ քարկոծողներուն համար ներում խնդրեցիր. եւ հիմա մեզի՝ քեզի ուխտի եկողներուն համար աղաչէ։ Մարտիրոսութեան պսակին արժանի եղար. բարեխօսէ մեզի համար՝ սուրբերու պսակիչին մօտ։”

Սուրբը Ստեփանոս մեզի համար մեծ բարեխօս է, որովհետեւ իր արեան հեղման պատճառով համարձակօրէն կը ներկայանայ Աստուծոյ առջեւ։ Որովեհետեւ անոր մարտիրոսութիւնը կատարուած է յօժարութեամբ՝ ինքզինք չարաչար եւ դառն տանջանքի մատնելով՝ Տիրոջ անունին համար։ Ան արհամարհեց եւ անարգեց աշխարհի անցաւոր կեանքը՝ ձգտելով յաւիտենական կեանքին։

Վերջապէս սուրբին բարեխօսութիւնը կը խնդրուի Սուրբ Եկեղեցւոյ հաստատութեան համար։ Ան վկայ եղաւ Քրիստոսի եւ Անոր վարդապետութեան, որուն վրայ հիմնուած է Եկեղեցին։

Սուրբին օրինակը կարեւոր է մեզի համար։ Ասոր համար շարականը կը դիմէ անոր՝ “Սորվեցուր մեզի՝ փառաւորել Սուրբ Երրորդութիւնը։”

 

Սուրբ Ստեփանոսի նշխարներու մասին Վարք Սրբոցը կը պատմէ հետեւեալը։ Թէոդոս Փոքրի թագաւորութեան ժամանակ, երբ Սուրբ Յովհաննէս Երուսաղէմի Պատրիարք էր, Ղուկիանոս անունով քահանայ մը, որ Երուսաղեմէն 20 մղոն հեռաու գտնուող գիւղի մը մէջ կը ծառայէր, ուրբաթ օր մը, որ կը զուգադիպէր դեկտեմբեր 3ին, երբ կը ննջէր, գիշերուան առաջին պահուն, այսինքն ժամը 9-12 միջեւ, կը տեսնէ ծեր հասակաւոր մարդ մը, երկար սպիտակ մօրուքով, զգեստաւորուած իբր քահանայ եւ ձեռքը ոսկի գաւազանով։ Այդ անձը Ղուկիանոս քահանան կը կանչէ երեք անգամ եւ կ’ըսէ՝ “Գնա դէպի Երուսաղէմ քաղաք, եւ եպիսկոպոսին ըսէ, թէ մինչեւ ե՞րբ փակուած պիտի մնանք, եւ մեզի պիտի չբանաս. առաւելապէս քու քահանայութեանդ ժամանակ պէտք է մենք յայտնի ըլլանք. շուտով բաց մեր գերեզմանը, ուր կը գտնուին մեր անտեսուած նշխարները, որպէսզի Աստուած եւ Քրիստոս եւ Սուրբ Հոգին մեր միջոցաւ բանայ ողորմութեան դուռը աշխարհին, օգնելու համար մարդկութեան՝ վտանգեալ ժամանակի մէջ։ Ես ոչ այնքան իմ մասիս մտահոգուած եմ, որքան այն արժանապատիւ սուրբերուն համար, որոնք իմ հետս ամփոփուած են։” Ղուկիանոս քահանան կը պատասխանէ. “Ո՞վ ես դուն, Տէր, եւ ովքե՞ր են անոնք, որոնք քու հետդ ամփոփուած են։” Ան կը պատասխանէ, ես Գամաղիէլն եմ, որ Քրիստոսի Առաքեալը՝ Պօղոսը դաստիարակեցի, եւ Երուսաղէմի մէջ օրենուսոյց էի։ Իսկ ան, որ իմ գերեզմանիս արեւելեան կողմը կը գտնուի, ինքնին քարկոծեալ Սուրբ Ստեփանոսն է։ Հրեաները զայն բացօթեայ թողած էին, որ գազաններու կերակուր ըլլայ։ Սակայն Աստուծոյ կամքով, ոչ մէկ գազան անոր մօտեցաւ։ Իսկ ես, գիշերով, բարեպաշտ եւ քրիստոսի հաւատացող երուսաղէմաբնակներ ուղարկեցի, եւ յորդորեցի, որ երթան եւ պէտք եղած ծառայութիւնը մատուցանեն, եւ անոր մարմինը բերեն։ Եւ իմ սայլովս զայն բերելով իմ գիւղս, եօթանասուն օր սուգ ընել տուի եւ զայն իմ նոր գերեզմանիս մէջ դրի, եւ իմ միջոցներովս հոգացի կոծի ծախսերը”։

Ղուկիանոս քահանան, եօթ օր կ’անցընէ աղօթքով եւ պահքով, որպէսզի, եթէ տեսիլքը ճշմարիտ է, յայտնուի իրեն կրկին եւ եռապատիկ անգամ։ Ասոր վրայ կը կրկնուի Գամաղիէլի տեսիլքը։

Ղուկիանոս քահանան կ’երթայ Յովհաննէս Հայրապետին մօտ եւ կը պատմէ անոր պատահածը։ Հայրապետը, երբ կը լսէ այս լուրը, կու լայ ուրախութենէն եւ կ’ըսէ. “Օրհնեալ ըլլայ Տէր Աստուած, որդի կենդանի Աստուծոյ”։

Վերջապէս գտնելով Սուրբ Ստեփանոսի նշխարները, կը բերեն Սիոնի եկեղեցին, ուր ան սարկաւագ ձեռնադրուած էր։

Սուրբ Ստեփանոսի նշխարներուն կը վերագրուին շատ մը հրաշքներ։ Նշխարները, գիւտէն 25 տարիներ ետք, կը փոխադրուին Կոստանդնուպոլիս եւ աւելի ուշ կը տարուին Վենետիկ, ուր կը տեղադրուին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.