2016-12-26 08:50:00

Մարդիկ ե՞րբ սկսած են նոր տարուան մաղթանքներ կատարել իրարու։


Նոր տարուան առիթով մաղթանքներ կատարելը շատ հին սովորութիւն մըն է: Յստակ չէ, թէ ան ե՛րբ սկիզբ առած է, կամ ուրկէ՞ եկած է: Բայց մարդկութեան պատմութեան ընթացքին մենք կը հանդիպինք անոր՝ տարբեր դարերու եւ տարբեր շրջաններու մէջ:

Գտնուած են պապիրոսի վրայ գրուած մաղթանքներ՝ Եգիպտոսի փարաւոններու օրերէն: Չինաստանի մէջ երկար ժամանակ սովորութիւն էր բարձր դասակարգի ընտանիքներուն ղրկել բրինձի թուղթէ պատրաստուած այցելութեան քարտեր, որոնց վրայ գունաւոր մելաններով եւ գեղեցիկ ձեռագիրներովով գրուած կ’ըլլային ղրկող անձին անունը եւ պաշտօնը:

Որքան հասցէատէրը բարձր դասակարգի պատկանող անձ մը ըլլար, այնքան քարտը մեծ կ՛ըլլար: Եւրոպայի մէջ ԺԵ. դարուն, հարուստները  իրենց քարտերը երբեմն նոյնիսկ գունազարդարել կու տային:

1843-ին, Լոնտոնի մէջ սըր Հենրի Քոլը Ճոն Քալքոթ Հարսլի գծագրիչէն կը խնդրէ իրեն համար ստեղծել քարտ մը, որ կը ներկայացնէ Ս. Ծննդեան ճաշի սեղանին շուրջ հաւաքուած ընտանիք մը եւ կը բովանդակէ «Merry Christmas and Happy New Year» մաղթանքը:

Այս գաղափարը շատ շուտ կը տարածուի, յատկապէս՝ տպագրական կարգ մը աժան միջոցներու շնորհիւ: Ապա, 1840-ին անգլիական դրոշմաթուղթին յայտնաբերումը, անոր բաշխումը, մեծ յաջողութեամբ կը պսակէ զայն:

Նոր Տարուան Քարտ (1950 -ին)

1930-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հաստատուի «Seasons Greetings»-ը (եղանակի մաղթանքներ), որուն նորոյթը կը տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ, Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք: Զայն պէտք էր գրել Դեկտեմբեր 1-ի եւ Յունուար 31-ի միջեւ, պահարանին վրայի դրոշմաթուղթին կնքուած թուականը իբրեւ փաստ…

«Անուշ մեղր ուտենք, որ տարին անուշ զրուցենք, անուշ լսենք, անուշ վարուինք»։ (Վանի մաղթանք)

«Շնորհաւոր տօն ու տարին, նոր կաղանդն եւ իւր բարին. ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին, ողջութիւն հայոց ազգին»: (Վանի մաղթանք)

«Ալելուիա, ալելուիա, հինը գնաց նորը կու գայ, հինը ուրախ ճանապարհէ՛ք, նորի համար պատրաստեցէ՛ք, ինչ որ կամիք, խնդրեցէ՛ք, թէ՛ կեանք, թէ՛ խելք, թէ՛ մալ, ամէնքին մուրազն ալ կու տայ, միամիտ եղէ՛ք»։ (Կիլիկիոյ մաղթանք)

«Աղաներ ու խաթուններ, ձեզ շնորհաւոր Նոր Տարի, ապրի՛ք շատ ու շատ տարի»։ (Կիլիկիոյ մաղթանք)








All the contents on this site are copyrighted ©.