2016-12-26 08:00:00

Եկեղեցական գիտելիքներ Զ. Շաբաթ Յիսնակաց (25 Դեկտեմբեր 2016- 1 Յունուար 2017)


Կիրակի 25 Դեկտեմբեր 2016` տօնն է Քրիստոսի Ծննդեան

Յիսնակաց 6-րդ շաբաթը այս տարի կը սկսի Յիսուսի Ծնունդով, որ կը հանդիպի Կիրակի օրուան։ Օրուան աւետարանը Ղուկասինն է, որ կը պատմէ թէ ինչպէս Յովսէփ եւ Մարիամ ստիպուեցան թողուլ իրենց բնակավայրը` Նազարէթ, ու մեկնիլ դէպի Բեթղեհէմ քաղաքը, որ Յովսէփի ազգատոհմին բնիկ քաղաքն էր, հպատակելու համար նոյն շրջանի Հռովմայեցի կայսեր` Օգոստոսի հրամանին, որով ան կ՛ուզէր մարդահամար կատարել իր կայսրութեան ենթակայ բոլոր ժողովուրդներուն։

Այսպէսով` անգիտակցաբար անոնք կ՛իրագործէին Միքէ մարգարէի դարեր առաջ կատարած մէկ մարգարէութիւնը, որով ան` ներշնչուած Տիրոջմէ, կը գուշակէր թէ Փրկիչը պիտի ծնէր Բեթղեհէմի մէջ։ Յետ օթեւանի մը ապարդիւն փնտռտուքին, ի վերջոյ Յովսէփ կը գտնէ անասուններու համար պատրաստուած մսուր մը, եւ այդ աղքատ վայրին մէջ է որ Մարիամ ծնունդ կու տայ Աստուածորդւոյն։

Երկուշաբթի 26 Դեկտեմբերին` աշխարհի բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ – իսկ Հայերու մօտ` 25-ին – կը տօնուի Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնը. Ան առաջինը հանդիսացաւ որ Քրիստոսի համար իր կեանքը զոհեց եւ մեռաւ քարկոծուելով Հրեաներու կողմէ, երբ կը քարոզէր Աւետարանը։

Երեքշաբթի 27 Դեկտեմբերին` կը տօնենք երկու գլխաւոր առաքեալները, Պետրոս եւ Պօղոս։ Պետրոս կը կոչուէր Սիմոն եւ Յիսուս զինք անուանեց Պետրոս, որ կը նշանակէ ժայռ, որով իր հաւատքին վրայ հիմնեց իր Սուրբ Եկեղեցին։ Իսկ Պօղոս դարձի եկաւ երբ կը հալածէր քրիստոնեաները, Դամասկոսի ճամբուն վրայ։ Ան հանդիսացաւ այն առաքեալը որ Քրիստոսի պատգամը տարածեց ամբողջ աշխարհին վրայ։

Պետրոս եւ Պօղոս նկատուած են որպէս գլխաւորները Քրիստոսի առաքեալներուն։ Անոնք եկան Հռոմ եւ երկուքն ալ նահատակուեցան սոյն քաղաքին մէջ։ Պետրոսի գերեզմանը կը գտնուի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աւագ խորանին ներքեւ, իսկ Ս. Պօղոս, որ գլախատուած էր Հռոմէն դուրս, թաղուած է Սուրբ Պողօսի Պազիլիքայի խորանին ներքեւ։

Հինգշաբթի 29 Դեկտեմբերին` տօնն է երկու առաքեալ եղբայրներուն` Յովհաննէս եւ Յակոբ, որոնք կոչուած են Եկեղեցւոյ կողմէ Որդիներ որոտման։ Արդարեւ իրենք էին որ խնդրեցին Յիսուսէն կայծակներ տեղացնել Սամարացիներու մէկ քաղաքին վրայ, որովհետեւ զիրենք չէին ընդունած։  Ըստ աւանդութեան, Յակոբ, զոր պէտք չէ շփոթել Յակոբոսի հետ, որ կը կոչուի նաեւ Տեառնեղբայր եւ որ Պետրոս առաքեալի կողմէ պետ կարգուեցաւ Երուսաղէմի առաջին քրիստոնէաներուն, հանդիսացաւ Եկեղեցւոյ առաջին նահատակներէն մին։ Իսկ Յովհաննէս ամենաերկար կեանքն ունեցաւ, մինչեւ 100 տարիքը հասաւ ըստ ոմանց, եւ ինքն է որ գրեց չորրորդ աւետարանը, ինչպէս նաեւ սիրոյ խրատներով լի երեք նամակները։ Իրեն կը վերագրուի նաեւ Յայտնութեան գիրքը որ վերջին հատորն է Սուրբ Գրքին։

Շաբաթ 31 Դեկտեմբերը՝ 2016 տարւոյն վերջին օրը, Յիսուսի Ծննդեան եօթներորդ օրն է.։

Կիրակի 1 Յունուար 2017` Կաղանդ է, որ կը նշանակէ տարուան առաջին օրը։ Քրիստոնեաները կը տօնեն այդ օր Յիսուսի տնօրէնութեան, կամ անուանկոչութեան տօնը։ Ըստ օրինի, իր ծննդենէն 8 օր վերջ` ան թլփատուեցաւ եւ Յիսուս անունով կոչուեցաւ, ինչպէս որ որոշած էր Գաբրիէլ հրեշտակը նախապէս։

Այս տօնակատարութեամբ` Եկեղեցին կ՛ուզէ Նոր Տարուայ հեթանոսական տօնը սրբացնել եւ քրիստոնէութեան յարմար տօն մը նուիրել։ Այդ օրը նաեւ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրն է. այդ առթիւ` Սրբազան Պապը իր պատգամը կը յղէ համայն մարդկութեան։

Այդ օրը հայ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս Պատարագին կը կատարուի ՜՜ վասն Հայրապետին՝՝ կարգ մաղթանացը։

Շնորհաւոր նոր Տարի բոլորիդ. Թող 2017 տարին ըլլայ բարեբեր. Խաղաղութեան ու համերաշխութեան  տարի մը բոլորիս համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.