2016-12-23 08:55:00

Քաղդէացիներու Պատրիարք գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքոյի ս. Ծննդեան պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի տես Սուրիոյ, Իրաքի ու Միջին Արեւելքի այլ շրջաններուն մէջ բռնկուած պատերազմներուն Սուրբ Ծնունդը կը յիշեցնէ խաղաղութեան կարեւորութիւնն ու անոր անհրաժեշտութիւնը. կը գրէ Քաղդէացիներու Պատրիարք գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Սուրբ Ծննդեան առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ, հրաւիրելով մէկդի դնել ''ոխերմութեան'' հոգին ու ապրիլ ''Ծնունդի'' հոգին որ յատկանշուած է եղբայրսիրութեամբ եւ ուրախութեամբ։

Սուրբ Ծննդեան տօնը, կը գրէ ապա Պատրիարքը, առիթ է նոր կեանք ու աւելի լաւ ապագայ մը ընծայելու, ինչպէս կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապը` քրիստոնեաները խրախուսելով դառնալ խաղաղութեան գործակալներ, վերջ դնելով բոլոր հակամարտութիւններուն։

Պատգամին մէջ Պատրիարքը կը յիշէ ապա Իրաքի գաղթականներուն ողբերգութիւնը ապա կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի մեծամեծներուն` գործելու ի սպաս ազգային իսկական հաշտութեան, կառուցելով քաղաքացիական ամուր պետութիւն, հուսկ  կը հրաւիրէ աշխուժացնել աղօթքները որպէսզի դադրին բռնութիւններն ու տառապանքները։

Սաքօ Պատրիարքը  շնորհակալութեան խօսք կ՛ուղղէ բոլոր անոնք որոնք այս տարիներուն ընթացքին Իրաքի օգնութեան հասան, յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնելով Իրաքի բանակին եւ քիւրտական ''փեշմերկաներուն'' ու բոլոր անոնց որոնք յանձնառումով պայքարեցան երկիրն ազատութեան համար։

Ի վերջոյ Պատրիարքը կը քաջալերէ հաւատացեալները յանձնառու ըլլալ մարդկայնական, դաստիարակչական, ընկերային, առողջապահական եւ քաղաքական բնագաւառներէն ներս սատարելու համար հանդուրժողականութեան, փոխադարձ յարգանքի ու համագործակցութեան տարածումին վստահեցնելով թէ Քաղդէացի եկեղեցին ոչ մի ջանք պիտի խնայէ համագործակցութեան ընթացք հաստատելու իսլամական կրօնի իշխանութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան ու այլազան կազմակերպութիւններու եւ բարի կամք ունեցող մարդոց հետ, իրագործելու ու թիկունք կանգնելու խաղաղութեան գործընթացքին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.