2016-12-23 14:42:00

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին նիւթական օժանդակութիւն Ուքրանիոյ ժողովուրդին


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական ՝՝Քոր Ունում՝՝ բարեսիրական հաստատութիւնը հրապարակած է հաղորհագրութիւն մը որուն մէջ կը նշէ , թէ  Ուքրանիոյ մէջ տիրող մարդկայնական տագնապին ի տես,  Յիսուսի Սուրբ Ծնունդին տօնին օրը, եկեղեցիներու մէջ  հանգանակուած 6 միլիոն եւրոյի գումարը,  առանց կրօնային, դաւանանքային կամ ցեղային խտրականութեան, պիտի բաժնուի Ուքրանացի երկու միլիոն բնակչութեան։

Նշենք, թէ անցեալ 24 ապրիլ 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Պապի խնդրանքով, Եւրոպայի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ դրամահաւաք՝ օգնելու համար Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւններու թիրախ բնակչութեան։

Սուրբ Աթոռը, այս առընչութեամբ, Քահանայապետական Քոր Ունում բարեսիրական կազմակերպութեան միջոցաւ, Ուքրանիոյ մէջ հիմնեց  մատակարարման  կոմիտէ մը` որուն ղեկավարութիւնը յանձնուեցաւ  Զափորիզթիա թեմի տեղակալ եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Խան Սոպիլոյին

Տարւոյս Յուլիս ամիսէն սկսեալ վերոյիշեալ կոմիտէն, ուսումնասիրեց եւ քննարկեց  քրիստոնեայ եղբայրասիրական հաստատութիւններուն եւ միջազգային գրասենեակներու   կողմէ ներկայացուած   բարեսիրական ծրագիրները։ 

Այժմ կոմիտէն պիտի ֆինանսաւորէ 20 ծրագիրներ՝  250 հազար եւրօ արժէքով եւ 39 այլ եղբայրասիրական  ծրագիրներ։ Ծրագիրներու ֆինանսաւորումը պիտի կատարուի Ուքրանիոյ մէջ Պապական նուիրակի հսկողութեան տակ։

Ըստ  ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց  գրասենեակի տուեալներուն, Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւններուն հետեւանքով 1 ապրիլ 2014-էն սկսեալ մինչեւ 1 դեկտեմբեր 2016,  արձանագրուած են 9758 մեռեալներ եւ 22779 վիրաւորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.