2016-12-23 08:14:00

Հալէպը ազատագրուեցաւ ահաբեկիչներէն ու դարձաւ ապահով եւ խաղաղ տարածք։


Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը Հալէպ քաղաքը ապահով տարածք յայտարարեց՝ քաղաքը ազատագրելէ ետք ահաբեկիչներէն, ահաբեկչութենէն, կը հաղորդէ ՍԱՆԱ գործակալութիւնը։

Հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ Հալէպ քաղաքի ապահովութեան հաստատումը մէկ կողմէ ռազմավարական շրջադարձ եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ անկիւնադարձ մըն է, իսկ միւս կողմէ մահացու հարուած մը՝ ահաբեկչութեան ծրագրին ու անոր աջակիցներուն ։

Յիշեցնենք, որ ժամեր առաջ, Հալէպէն հանրակառքերով դուրս բերուեցաւ զինեալ ահաբեկիչներու վերջին խումբը։ Սուրիական բանակը մուտք գործեց Հալէպի արեւելեան շրջանի վերջին այն թաղամասերը, ուրկէ դուրս բերուեցան զինեալները։








All the contents on this site are copyrighted ©.