2016-12-23 14:10:00

Թուրքիոյ Օդուժի հարուածներէն 24 ժամուան մէջ 88 խաղաղ բնակիչ զոհուած է


Սուրիոյ մարդու իրաւունքներու կեդրոնը յայտարարած է Սուրիոյ մէջ թրքական օդուժի կողմէն իրականացած ռմբակոծութեան հետեւանքով 88 խաղաղ բնակիչի զոհուելուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Թրքական «Diken.com.tr» կայքը՝ յղում կատարելով «Reuters» գործակալութեան, կը գրէ, որ 72 մարդ զոհուած է երէկուան, եւս 16 այսօրուան ռմբահարումներուն հետեւանքով. Անոնցմէ 24-ը երեխաներ են:

Նշենք, որ Սուրիոյ հիւսիսը «իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ Թուրքիոյ նախաձեռնած «Եփրատի վահան» կոչուող ռազմագործողութեան ծիրէն ներս երէկ տեղի ունեցած բախումներուն զոհուած էր 18 թուրք զինուորական:

Մօտ 4 ամիս առաջ «Սուրիական ազատ բանակ» կոչուող զինուած ընդդիմադիր խմբաւորման հետ նախաձեռնած ռազմական գործողութեան ընթացքին, ըստ պաշտօնական տուեալներու, մինչ այս պահը զոհուած է թրքական բանակի 37 զինծառայող:








All the contents on this site are copyrighted ©.