2016-12-23 11:54:00

Արհիապատիւ Ռափայել Արքեպիսկոպոս Մինասեանի Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնի շնորհաւորագիրը


(Ռատիօ Վատիկան) Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ   Ռափայել Արքեպիսկոպոս Մինասեան, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով հրապարակած է շնորհաւորագիր մը, որուն մէջ հրաւէր կ՛ուղղէ՝ Քրիստոսի Ծնունդը նշել եղբայրսիրութեան հոգիով, յիշելով յատկապէս կարօտեալները ու  մերժուածները, որպէս տիպար ունենալով Աստուծոյ Որդին, որ ծնաւ ախոռի մը մէջ, մերժուած մարդոցմէ։   

''Մարդկութեան  խեղճ եւ կարծրասիրտ կեցուածքին հանդերձ, Աստուած իր Որդիին ծնունդը աւետեց  հովիւներուն ու  անոնց շնորհեց ամենամեծ պարգեւը՝ ներկայ գտնուիլ համայն մարդկութեան Փրկչին ՝  աշխարհ լոյս գալու հրաշքին'' գրած է Արհիապատիւ գերապածառ Մինասեանը իր շնորհաւորագիրին մէջ զոր  աւարտած է Ղուկաս Աւետարանիչի խօսքով ՝՝Զի ծնաւ ձեզ այսօր փրկիչ, որ է օծեալ Տէր ի քաղաքի Դաւթի՝՝։ (Ղուկաս Բ, 8-10 )








All the contents on this site are copyrighted ©.