2016-12-22 09:44:00

Ֆրանչիկսոս Պապ շնորհաւորեց Իտալական հեռուստակայանի ''UNOMATTINA'' յայտագրին 30 ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 22 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուղիղ եթերով հեռաձայնային կապ հաստատեց Իտալիոյ ''RAI'' հեռուստակայանի ''Ունօ Մաթթինա'' յայտագրին հետ, յայտագրին 30 ամեակին առթիւ իր բարեմաղթութիւնները յայտնելով բոլոր անձնակազմին։

Յայտագրի պատասխանատուները առիթէն օգտուելով Նորին Սրբութեան 80 ամեակին առթիւ շնորհաւորութիւններ փոխանցեցին ու անոր մաղթեցին նաեւ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։

Սրբազան Քահանայապետը իր կարգին շնորհաւորեց զանոնք մաղթելով ''Քրիստոնեայ Սուրբ Ծնունդ մը, առաջն ծնունդի նման, երբ Աստուած ուզեց աշխարհը կերպարանափոխել ու դարձաւ փոքրիկ` փոքրիկներուն, աղքատներուն եւ մեկուսացեալներուն հետ'' ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց ''Այս աշխարհին մէջ ու կը պաշտուի դրամ աստուածը, թող որ Ծնունդը մեզ օգնէ դիտելու այս Աստուծոյն փոքրութիւնը որ յեղաշրջեց աշխարհային արժէքները։ 

Ձեզի կը մաղթեմ շնորհաւոր եւ երջանիկ Սուրբ Ծնունդ։ Բոլորդ կ՛ողջագուրեմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.