2016-12-22 09:20:00

Վերջին իրադարձութիւնները Հալէպահայերուն յոյս նեշնչած են


 «Վերջին ամիսներու իրադարձութիւնները Հալէպի հայ համայնքին յոյս ներշնչած են, որ պատերազմի աւարտը մօտ է: Ասիկա սկիզբ կը դնէ Հալէպի [հայկական թաղամասերու] վերակառուցման գործընթացին»,- ըսած է Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան The Armenian Weekly պարբերականի թղթակից Անի Աւետեանին:

Տիգրան Գէորգեան  նշած է, որ իրավիճակը Հալէպի հայաշատ թաղամասերուն մէջ համեմատաբար հանգիստ է:

Ըստ անոր, հայկական դպրոցները ու համայնքային կառոյցները, հակառակ պատերազմին,  շարունակած են գործել բնականոն հունով: Գէորգեան նշած է, որ դեռ շուտ է քննարկելու հալէպահայերու վերադարձը, սակայն, ըստ անոր, շատերը կը ցանկան վերադառնալ` խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումէն ետք:

«Ես կը կարծեմ, որ տարածաշրջանին մէջ  կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման պարագային շատերը պիտի ցանկան վերադառնալ»,- ըսած է Գէորգեան:

Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւնը հազուագիւտ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն է, որ մնացած է պատերազմէն աւերուած քաղաքին մէջ: Տիգրան Գէորգեան Սուրիա է քաղաքացիական պատերազմէն ի վեր․ սկիզբը ան Դամասկոս էր, իսկ վերջին երեք տարիներուն կ՛աշխատի Հալէպի մէջ:

Դեկտեմբեր 12-ին Սուրիոյ կառավարական ուժերը ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատեցին քաղաքին վրայ` գրաւելով ընդդիմադիրներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Արեւելեան Հալէպը:








All the contents on this site are copyrighted ©.