2016-12-21 09:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ներում շնորհեց Գերապայծառ Վալլեյօ Պալտայի


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի գաղտնապահութեան հարցերով մեղադրուած եւ բանտարկութեամբ պատժուած` Գերապայծառ Վալլեյօ Պալտա, երեքշաբաթի, 20 դեկտեմբերի երեկոյեան , պայմանաւորուած ազատութեամբ ներում ստացաւ Ֆրանչիսկսո Պապին կողմէ։ Այս մասին յայտնած  է Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը։

Նորին սրբութեան ներումով Գերապայծառ Պալտա կրնայ պայմանաւորուած ազատութիւն վայելել թէեւ անոր յանցագործութեան պատիժը ի զօրու կը մնայ։ Ներում ստանալէ ետք, Գերապայծաջ Վալլեժօ ազատ արձակուեցաւ ու  Սուրբ Աթոռի հետ անոր աշխատանքային բոլոր կապերը դադրեցան։ Ան կը վերադառնայ իր սկզբնական թեմի` Սպանիայի Ասթորկա եպիսկպոսպին իրաւասութեան տակ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.