2016-12-21 11:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց Քոնկոյի խաղաղութեան ի շահ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին, հրապարակային ընդհանուր ունկնրդութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ կոչ ուղղեց Քոնկոյի մէջ խաղաղութեան ի շահ։

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՝՝Քոնկոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահին ու փոխ նախագահին հետ հանդիպումիս լոյսին տակ Դարձեալ սրտաբուխ կոչ կ՝ուղղեմ բոլոր քոնկոլեցիներուն, որպէսզի  իրենց պատմութեան նուրբ պահուն, ըլլան համերաշխութեան եւ խաղաղութեան արհեստաւորներ։

Բոլոր անոնք որոնք քաղաքական պատասխանատուութիւն ունին,  թող անսան իրենց խղճին ձայնին, թող գիտնան տեսնել իրենց հայրենակիցներուն տաժանելի տառապանքները, եւ գործեն ի շահ  հասարակաց բարիքին։ 

Ապահովուելով իմ աջակցութիւնս եւ գորովս այդ երկրի սիրեցեալ ժողովուրդին կը հրաւիրեմ բոլորը թոյլ տալ առաջնորդուիլ  աշխարհի Փրկիչի լոյսէն, եւ կ՝աղօթեմ որպէսզի Տիրոջ ծնունդը բանայ յոյսի ճանապարհներ։՝՝ 








All the contents on this site are copyrighted ©.