2016-12-21 09:12:00

Պէյրութի Հռիփսիմեանց վարժարանի սանուհիին յաղթանակը Լիբանանահայ վարժարաններու մրցոյթին


Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Քոյրերու Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ, որ վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Լէա Հապիպեան, որ մասնակցած է Կոկիկեան հիմնարկի կազմակերպած լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներու արաբերէն շարադրութիւններու մրցոյթին, դարձած է առաջին մրցանակակիր:

Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի  ունեցած է Դեկտեմբեր 16-ին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ:

Մրցանակաբաշխութիւնը կը կազմակերպուի 2012 թուականէն ի վեր: Երկու կրթական տարեշրջանի վարժարանի սաները գրաւած են առաջին դիրքերը, որուն համար մրցանակը դարձած է վարժարանի սեփականութիւնը:

Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք արաբերէնի ուսուցիչներուն եւ անոնց երեք մրցանակակիրներուն` Քրիստին Ժիպելեանին, Օտրիկ Սեւճեանին եւ Լէա Հապիպեանին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.