2016-12-21 10:08:00

Յիսուս Մանուկի արձանը մսուրին մէջ պիտի զետեղեն Վատիկանի ոստիկան մը ու հրշէջ մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 21 դեկտեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Հռոմի հացապանները` Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեցին խմորեղէնով շինուած` 1,5 մեթր մեխութեամբ գեղարուեստական մսուր մը, գործը արուեստագէտ Ֆապիօ Ալպանեզիի։

Իսկ յառաջիկայ 24 դեկտեմբերին գիշերը` Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի սուրբ պատարագի աւարտին, Վատիկանի կառավարութիւնը որոշած է որ Սուրբ Պետրոսի հսկայական մսուրի Յիսուս Մանուկի արձանը մսուրին մէջ զետեղեն Վատիկանի ոստիկան մը ու հրշէջ մը, որպէս երախտապարտութեան նշան` Վատիկանի ոստիկանութեան ու հրշէջներու գունդին այս տարուայ ընթացքին  կարիքաւորներուն  նկատմամբ անոնց ցուցաբերած անվերապահ մօտիկութեան, ինչպէս էր պարագան կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրաշարժի օրերուն, երբ անոնք փութացին երկրաշարժի թիրախ դարձած գիւղեր, օգնութիւն մատուցելու բնակչութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.