2016-12-21 10:57:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ի՞նչ պիտի ուտենք երկնքի մէջ։

Օրուան ընթացքին ճաշի երեք ժամերուն նախորդող վայրկեաններուն, երբ ստամոքսը յատուկ հեղուկ մը կ՛արտադրէ եւ անօթութիւնը զգալի կը դարձնէ, մարդ կը սկսի մտածելու, թէ ի՞նչ պիտի ուտէ:

Մարդկային ախորժակները կը տարբերին իրարմէ, ինչպէս կը տարբերին՝ զանազան ազգերու ճաշացուցակները: Կարգ մը ժողովուրդներու համար այնքան սովորական ճաշի տեսակ մը, որ նոյնիսկ «ազգային ճաշ» ըլլալու պատիւին արժանացած կ՛ըլլայ, ուրիշ ժողովուրդներու համար ոչ միայն անընդունելի կրնայ ըլլալ, այլ մանաւանդ՝ զզուելի:

Աստուած ալ Ի՛ր ճաշատեսակը ունի, որ «երկինքի կերակուր»ն է: Աւետարանին մէջ ներկայացուած դրուագին հիման վրայ, Վերջին Ընթրիքի խորհրդաւոր պահը ցարդ նկարած են բազմաթիւ արուեստագէտներ: Սուրբ Հաղորդութեան մեծ խորհուրդին հաստատման դրուագը, որ տեղի ունեցաւ Վերնատան մէջ, Զատկական ընթրիքի պահուն, որ իր աշակերտներուն հետ Քրիստոսի ունեցած Վերջին Ընթրիքը պիտի ըլլար:
Հայ եկեղեցին Վերջին Ընթրիքին ու յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման յիշատակը կը կատարէ Աւագ Հինգշաբթի օր, Կարգ Ապաշխարողացէն ետք մատուցուող Սուրբ պատարագով: Տարուան ընթացքին մատուցուող ամէնէն նուիրական պատարագն է այս, որուն նուիրականագոյն պահը այն է, երբ պատարագիչը ընծայացու նշխարհը առնելով՝ վեր կը բարձրացնէ ու կ՛ըսէ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք այս իմ մարմինս է, որ ձեզի ու բազմաթիւ ուրիշներու համար կը բաշխուի, մեղքերու քաւութեան ու թողութեան համար»: Ապա, գինիով լեցուն սկիհը առնելով՝ կ՛ըսէ. «Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ, որովհետեւ ասիկա Նոր Ուխտի իմ արիւնս է, որ ձեզի ու բազմաթիւ ուրիշներու համար կը թափուի, մեղքերու քաւութեան ու թողութեան համար»: Ապա, ամբողջ ժողովուրդը կը հաղորդուի Քրիստոսի մարմինով եւ արեամբ:
Կը պատմուի, թէ Աւագ Հինգշաբթի օր, հաւատացեալ մայր մը, իր անչափահաս զաւակը հետը առած՝ կ՛ուղղուի դէպի խորան, Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալու համար: Մանուկը լուռ ու մունջ էր իր մօրը գրկին մէջ, մինչեւ խորան հասնիլը, երբ կը սկսի դժգոհութեան նշաններ ցոյց տալու. մայրը կը համոզէ, որ երկինքի կերակուր պիտի ուտէ հիմա, եթէ քիչ մը եւս լուռ մնայ: Մանուկը հանդարտելով՝ լուռ կը մնայ, սպասելով գալիքին: Ապա, պատարագիչին դիմաց կը հասնին, եւ ան իր մօրը հրահանգին ենթարկուելով՝ կը բանայ բերանը ու կը ստանայ Սուրբ Հաղորդութիւնը: Թերեւս արդէն կէսօր եղած ըլլալով, անօթի երեխան երբ մօրը հետ կը վերադառնայ եկեղեցւոյ մէջ իրենց նստած տեղը, բարձրաձայն կ՛արտայայտէ իր դժգոհութիւնը ըսելով.
– Միայն ա՞յս պիտի ուտենք երկինքի մէջ:
Այս մանուկին միամտութիւնը, անմեղ պոռթկում մըն էր, որ ցոյց կու տայ թէ երեխան չի՛ գիտեր տակաւին, թէ ի՞նչ է Հաղորդութիւնը: Նոր մարդ դառնալու պայմաններէն մէկը Քրիստոսի սեղանակից դառնալն է:
Մանկան անմեղութիւնը ո՛չ մէկ յանցանք կը բարդէ անոր վրայ: Սակայն այսօր մեր առօրեայ կեանքին մէջ ինչքա՜ն շատ են այնպիսի մարդիկ, որոնց համար ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի Սուրբ Հաղորդութիւնը: Հաւատաւոր քրիստոնեաներու պարագային ալ կան դժուարութիւններ, երբ պայմաններու բերումով, քրիստոնէավայել կեանքէ հեռանալով, կամ ընկերային կեանքի դժուարութիւններուն չտոկալով՝ խանգարուած փոխյարաբերական վիճակով կը մօտենան Սուրբ խորհուրդին: Յիսուս այս մասին յստակ բացատրութիւն կու տայ. կ՛ըսէ՝ երբ զոհ պիտի մատուցես եւ յիշես թէ եղբայրդ նեղուած է քեզի հետ, զոհդ ձգէ սեղանին վրայ, նախ գնա՛, հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ, եւ ապա եկուր ու ընծադ մատուցէ Աստուծոյ (Հմմտ. Մտ 5.23):
Առաքեալը խիստ դատապարտութիւն կը դնէ անարժանաբար հաղորդուողներու վրայ, ըսելով, թէ մարդիկ երբ անարժանաբար մօտենան այս խորհուրդին, իրենց համար Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը փրկութիւն չի՛ դառնար, այլ, ընդհակառակը՝ դատապարտութեան ու կորուստի պատճառ (Հմմտ. Ա.Կր 11.27):
Երկինքի մէջ պէտք պիտի չունենանք Քրիստոսի մարմինին ու արեան, որովհետեւ անոնք մեզ այս կեանքի մէջ փրկութիւն ըլլալու սահմանուած են: Իսկ երկինքի համադամ կերակուրները պիտի ըլլան մարդկային այն առաքինութիւնները, որոնք գործուած են այս կեանքին մէջ, որոնք այնտեղ սեղան պիտի բերուին Աստուծոյ հրեշտակներուն ձեռքով:
Այս իմաստով, ահա, Յիսուսի երկրաւոր կեանքի ընթացքին երանի՜ տրուեցաւ անոր, «որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ ճաշ պիտի ուտէ» (Հմմտ. Ղկ 14.15):
Բարի ախորժակ…:

Գրիգոր Արքեպիսկոպոս Չիֆթճեան








All the contents on this site are copyrighted ©.