2016-12-21 10:51:00

Հռոմի մէջ Սուրբ Ծննդեան պատարագ ու բռնութեան զոհ կիներու կեդրոնի բացում


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 22 դեկտմերին, երեկոյեան ժամը 6,00-ին, Հռոմի Տոն Մարիօ Փիքքի անուան  Իտալական բարեսիրական ազգային կեդրոնատեղիին մէջ,  տեղի կ՛ունենայ  Սուրբ Ծննդեան Պատարագ զոր կը նախագահէ` Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին։

Արարողութեան ներկայ կը գտնուին, յիշեալ հասարակութեան մաս կազմող բուժումի մէջ գտնուող երիտասարդներ, դժուարութեան մէջ գտնուող մանուկներ իրենց մայրերուն հետ, կեդրոնին մէջ հիւրընկալուած գաղթականները ինչպէս նաեւ բարեսիրական կառոյցներու աշխատաւորներ։

Սուրբ Պատարագի արարողութեան աւարտին Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին բացումը կը կատարէ ''Casa di Sara'' անուան բնակարանին, որուն մէջ կը հիւրընկալուին բռնութեան զոհ կիներ։

Կառոյցը  կը կրէ ''Սարա անունը,  յիշելու համար , անցեալ 29 մայիսին, Հռոմի մէջ բարբարոսաբար  իր նշանածին կողմէ սպաննուած հռոմէացի 22 ամեայ Սարա անունով անմեղ երիտասարդուհին։     








All the contents on this site are copyrighted ©.