2016-12-20 14:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը Պերլինի Արքեպիսկոպոսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Պերլինի ծննդեան շուկայի մէջ ահաբեկչական գործողութեան ի լուր, որ պատճառեց տասնեալ մեռեալներ ու վիրաւորներ, երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթռռ Փարոլին` յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին  ցաւակցական հեռագիր ուղղեց Պերլինի թեմի Արքեպիսկոպոսին, որուն մէջ յայտեց   թէ Սրբազան Քահանայապետը խորին տխրութեամբ իմացաւ Պերլինի մէջ պատահած ահաբեկչական գործողութեան լուրը։

Սրբազան Հայրը կը  մասնակցի   զոհերու ընտանիքներու սուգին,   արտայայտելով իր  կարեկցութիւնն ու մօտիկութիւնը   անոնց վիշտերուն։

Ֆրանչիսկո Պապ  աղօթքի միջոցաւ զոհերուն հոգիները կը յանձնէ Աստուծոյ ողորմածութեան , հայցելով նաեւ վիրաւորներուն համար շուտափոյթ ապաքինում։

Հեռագիրին աւարտին, Կարդինալ Փարոլին գրած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն կը յայտնէ շտապ օգնութեան եւ ապահովական ծառայութիւն մատուցողներուն` իրենց յանձնառութեան համար։ ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը միանայ հուսկ  բոլոր բարի  կամք ունեցող մարդոց յանձնառումին ­որպէսզի խելագար մարդասպանութիւնը այլեւս տեղ չի գտնէ մեր աշխարհին մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.